ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԻ ՎՐԱՅ ԱՐԺԵՒՈՐԵՑԻՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿՆ ՈՒ ՇՕՇԱՓԵՑԻՆ ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, անոնք անդրադարձան Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային բնոյթով նիւթերու։ Զրոյցի ընթացքին Էրտողան եւ Փաշինեան շեշտեցին, որ տարածաշրջանէն ներս մշտական խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատումը պիտի նպաստէ բոլոր երկիրներու բարգաւաճման, ուստի յայտնած են, որ այս ուղղութեամբ պիտի շարունակեն դիւանագիտական ջանքերը։

Երկու մայրաքաղաքներէն հրապարակուած նոյնաբովանդակ այս հաղորդագրութիւններէն վերջ, Նիկոլ Փաշինեան այս հեռախօսազրոյցը ամփոփ ձեւով արժեւորեց նաեւ երէկ երեկոյեան Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին ժամանակ։ Վարչապետը այս կապակցութեամբ ըսաւ հետեւեալը. «Խօսակցութիւնը խիստ պաշտօնական էր։ Էրտողանի հետ խօսակցութիւնը բովանդակային էր եւ օգտակար։ Փոխադարձաբար շարք մը նրբութիւններ կան։ Կարեւոր է նաեւ, որ անոնց վերաբերեալ, դիրքորոշումներու, գնահատականներու վերաբերեալ ըլլայ մշտական հաղորդակցութիւն»։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2023