ԾԱՆՐ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ 0-ԽՐՈՒԱԹԻԱ 1

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Խրուաթիոյ հաւաքականին դիմաց։ 2024 թուականի ֆութպոլի Եւրոպայի առաջնութեան ընդառաջ որակաւորման փուլի D խմբաւորումէն ներս այսպէսով Խրուաթիոյ հաւաքականը դարձաւ յառաջատար՝ 4 խաղի արդիւնքին 10 միաւոր ապահոված ըլլալով։ Հայկական ընտրանին «Եւրօ-2024»ի ճանապարհին մեծ հնարաւորութիւն մը մսխեց երէկուան պարտութիւնով եւ գրեթէ զրկուեցաւ այդ մրցաշարքին մասնակցելու հեռանկարէն։ Խրուաթիոյ միակ կոլը՝ մրցման 14-րդ վայրկեանին արձանագրեց Անտրէյ Քրամարիչ։

Ներկայիս Հայաստան 7 միաւորով D խմբաւորման 3-րդ հորիզոնականը կը զբաղեցնէ 5 խաղի արդիւնքին։ Աղիւսակին վրայ 2-րդն է Թուրքիան՝ յառաջատար Խրուաթիոյ նման 10 միաւորով, սակայն 5 խաղի արդիւնքին։

Հայկական ընտրանին անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ կողմէ Էսկիշեհիրի մէջ հիւրընկալուելէ առաջ լուրջ հաւանականութիւն ունէր «Եւրօ-2024»ի ճանապարհին ոստում մը ընելու համար։ Արդէն Էսկիշեհիրի մէջ հայ մարզիկները յայտարարած էին, որ D խմբաւորման մնացեալ բոլոր խաղերը աւարտականի մը համազօր պիտի ըլլային իրենց համար։ Հայաստան այդ փուլին՝ աղիւսակի վրայ իրեն թէ՛ նախորդող եւ թէ յաջորդող խումբերուն հետ մրցման շեմին էր։ Եթէ Էսկիշեհիրի մէջ խաղի վերջին վայրկեաններուն Թուրքիա կոլ մը չարձանագրէր, ապա այդ խաղէն հայկական ընտրանին 3 միաւոր ապահոված պիտի ըլլար, ինչ որ մեծ առաւելութիւն պիտի նշանակէր։ Բայց եւ այնպէս, հակառակորդ մարզադաշտի վրայ ապահովուած հաւասարութիւնն ու 1 նիշն ալ վատ արդիւնք պիտի չըլլար Հայաստանի հաւաքականին տեսակէտէ, եթէ այդ պայքարին ի շարունակութիւն սեփական յարկին տակ կարողանար տրամաբանական շարունակութիւն մը ապահովել՝ թրքական ընտրանիին դիմաց ձեռք բերուած 1 նիշի։ Բայց, երէկ անգամ մը եւս ի յայտ եկաւ հայկական ընտրանիին վաղեմի տկարութիւնը, որ հետեւողականութեան պակասն է։ Այս հարցը միշտ խոցելի դարձուցած է Հայաստանի հաւաքականը եւ գլխաւոր խոչընդոտը հանդիսացած է անոր ձգտումներուն առջեւ։ Երէկ ալ կրկնուեցաւ նոյն բեմագրութիւնը եւ Հայաստան սեփական յարկին տակ պարտութիւն կրեց Խրուաթիոյ դիմաց։ Ճիշդ է, որ մրցակիցը շատ ուժեղ խումբ մըն էր, սակայն միջազգային բեմահարթակի վրայ օրինաչափութիւն մըն է, որ հաւաքականները չեն կրնար որեւէ տեղ հասնիլ՝ առանց յաջողելու՝ գոնէ սեփական յարկին տակ պարտութիւն չկրելու։ Հակառակորդ մարզադաշտի վրայ ապահովուած յաղթանակները միշտ պոնուսներ կը համարուին այսպիսի մրցակցութիւններու մէջ։ Հայկական հաւաքականը որակաւորման փուլերուն միշտ կ՚արձանագրէ վերիվայրումներ. օրինակ՝ հակառակորդ մարզադաշտի վրայ պարտութեան մատնած խումբերուն դիմաց սեփական յարկին տակ յաղթանակի չհասնելով։ Անշուշտ, ֆութպոլը միշտ բաց է ամէն տեսակ արդիւնքի, ամէն տեսակ անակնկալի, սակայն առանց երթը որոշ չափով կայունացնելու՝ անկարելի է հասնիլ յաջողութեան։

Աւագ մարզիչ Օլեքսանտր Փեթրաքովի մականին ներքեւ, հայկական ընտրանին թէկուզ ապագայի համար յոյս տուած է այժմու սերունդով, սակայն երէկուան պարտութեան հետեւանքով շատ աւելի նուազած է հայկական ընտրանիին «Եւրօ-2024»ի մասնակցելու հաւանականութիւնը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2023