ՕՐԻՆԱԿԱՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ։ Կացութիւնը նոյնպէս լարուած է նաեւ Ատրպէյճան-Լեռնային Ղարաբաղ սահմանին։ Պատճառը այն է, որ Ատրպէյճան զօրքեր կը կուտակէ։
Փաշինեան երէկ երեկոյեան ուղիղ եթերով հարցազրոյց մը տուաւ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան։ Վերջին օրերու խտացեալ հեռախօսազանգերու լոյսին տակ ան ըսաւ, որ այդ բոլորին նպատակն ու իմաստն էր՝ տեղեկութիւն փոխանցել գործընկերներուն, որոնք որոշ նրբութիւններու չէին տիրապետեր։ Ըստ Փաշինեանի, իրականութեան մէջ առաջին զանգը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին գացած էր։ «Ան վստահաբար իրավիճակի մասին տեղեկացուած է, Լաչինի միջանցքը ապօրինաբար փակուած է նախորդ տարուան դեկտեմբերէն ի վեր։ Ռուսաստանի նախագահին հետ այդ օրուընէ ի վեր տասնեակ զրոյցներ ունեցած ենք։ Դժբախտաբար, մեր վերջին խօսակցութենէն ի վեր իրադրութիւնը չէ փոխուած», յայտնեց Փաշինեան։
Վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան։ Ան ափսոսանք յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականին համար՝ դիտել տալով, որ իրենց միջեւ եղած էր փոխադարձ ըմբռնում եւ աշխատանքային լաւ մթնոլորտ։ Փաշինեան պատասխանեց նաեւ այն հարցման, թէ ինչո՞ւ չէ շնորհաւորած Լեռնային Ղարաբաղի նորընտիր նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը։ «Շնորհաւորելու շատ բան ալ չկայ, շատ ծանր պարտականութիւն դրուած է անոր վրայ։ Եւ մեր դիրքորոշումներն ու մօտեցումները միջազգային հանրութեան տրամաբանութեան հետ համադրելու եւ չհակադրելու տրամաբանութեամբ պէտք է առաջնորդուին, նաեւ մարդասիրական տագնապը չքաղաքականացնելու առումով», ըսաւ ան։
Ուղիղ եթերի ընթացքին Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման մասին։ Ան կրկնեց, որ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ կը մտնէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը։ «Իրավիճակի լուծման ճարտարապետութեան մասին Հայաստանի Հանրապետութեան պայմանաւորուածութիւնն է փորձել առաջնորդուիլ այդ յայտարարութեամբ ու ցոյց տալ անոր հաւատարմութիւնը այն պայմանաւորուածութիւններուն նկատմամբ, որոնք Ատրպէյճանի հետ ձեռք բերուած են Պրիւքսելի մէջ։ Այս յայտարարութեամբ Հայաստան փորձած է արձանագրել իրադրութեան ու ճգնաժամի լուծման ճարտարապետութեան մասին պայմանաւորուածութիւնը, Ատրպէյճանի հետ գոյացած պայմանաւորուածութիւնը։ Ատրպէյճան միշտ չէ, որ ցոյց կու տայ պայմանաւորուածութիւններու նկատմամբ հաւատարմութիւնը։ Մենք կը ներկայացնենք այն ճարտարապետութիւնը, որ օրինական է միջազգային իրաւունքի եւ միջազգային հանրութեան տեսակէտէ։ Կ՚ուզեմ ընել այնպիսի ձեւակերպումներ, որոնց պարագային Հայաստանի օրինականութիւնը ըլլայ անխոցելի», շարունակեց Փաշինեան։
Փաշինեան մեկնաբանութիւններով հանդէս եկաւ նաեւ Հայաստանի կողմէ Հռոմի սթաթիւի վաւերացման նիւթին շուրջ. նիւթ մը, որ տարակարծութիւններու պատճառ դարձած է Ռուսաստանի հետ։ Վարչապետը բացատրեց, որ սա կապ չունի հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն հետ, այլ կը վերաբերի միայն սահմանային լարուածութեան։ Այդ գործընթացը սկսած է 2022 թուականի դեկտեմբերին, սակայն, դժբախտաբար, սա վատ համընկնումներ ունեցաւ Ռուսաստանի եւ Լահէյի դատարանի յարաբերութիւններու համատեսքին մէջ։ Փաշինեան ըսաւ. «Մենք չենք կրնար միւս գործընկերներուն հետ մեր յարաբերութիւնները սառեցնել։ 2020-ին ո՛չ կ՚այցելէինք Ուքրայնա, ո՛չ Հռոմի սթաթիւն կը վաւերացնէինք, ոչ ալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հետ զօրավարժութիւններ կ՚ընէինք, բայց սա չխանգարեց, որ սահմանին վրայ պատերազմ ունենանք։ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) պարզապէս չէ կատարած Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ իր պարտաւորութիւնները։ Մենք կ՚ուզենք, որ մասնաւորապէս 2022 թուականի սեպտեմբերի դէպքերն ու 2021 թուականի մայիսի դէպքերը միջազգային քրէական դատարանին մէջ քննելու առիթ ըլլայ։ Եւ սա գործօն մըն է, որ կրնայ էական ազդեցութիւն բերել մեր անվտանգութեան աստիճանին՝ այն պայմաններուն ներքեւ, երբ ՀԱՊԿ չի կատարեր իր պարտաւորութիւնները։ Մեր պարտականութիւնն է ձեռնարկել անվտանգութեան յաւելեալ գործօններու։ Մենք կ՚աշխատինք, որպէսզի Ռուսաստանի մէջ ճիշդ ընկալումներ ձեւաւորենք, միջազգային միջոցներ ձեռք բերենք»։
Միւս կողմէ, Թեհրանէն ալ երէկ ուշագրաւ յայտարարութիւններ հնչեցին տարածաշրջանի հրատապ օրակարգին շուրջ։ Իրանի Արտաքին գործոց նխարարութեան բանբեր Նասեր Քանանի յայտնեց, որ իր երկիրը Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մաս կը համարէ, ինչ որ գաղտնիք չէ եւ քանիցս յստակօրէն յայտարարուած։ Ան համոզուած է, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան վէճերու լուծման, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հասնելու համար կարեւոր է տարածքային ամբողջականութիւններու փոխադարձ ճանաչումը։ Անդրադառնալով Ատրպէյճանի սահմանամերձ շրջաններու մէջ կատարած զօրքերու կուտակումներուն, բանբերը ըսաւ. «Պաքուն մեզի յայտնած է, թէ մտադիր չէ ռազմական յարձակումներ իրականացնել։ Զօրքերու վերջին տեղաշարժերը ռազմական աւանդական գործողութիւններ են, որոնք ձմրան շեմին կ՚իրականացուին»։