ՄՐՑԱՆԱԿ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻՆ

Աշխարհահռչակ ջութակահար Սերկէյ Խաչատուրեանի վերջին ձայնասկաւառակը արժանացաւ գերմանացի քննադատներու կողմէ շնորհուած յատուկ մրցանակի մը, որ առանձնապէս կը տրուի միայն լաւագոյն ձայնագրութիւններուն։

156 քննադատներէն բաղկացած դատակամը տարբեր անուանակարգերու տակ ներկայացուած 280 ստեղծագործութիւններու ընդմէջէն ընտրեց 28 յաղթողները։ Խաչատուրեանի ձայնասկաւառակը լաւագոյնը ճանչցուեցաւ սենեկային երաժշտութեան անուանակարգին տակ։

Հայ ջութակահարը Էժէն Իզայիի վեց սոնաթները ձայնագրած է «naïve records»ի հովանաւորութեամբ՝ զանոնք կատարելով մեծ երաժիշտին անձնական Կուարներ ջութակին վրայ։ Սերկէյ Խաչատուրեանը առաջին ջութակահարն է, որ այս ստեղծագործութիւնները ձայնագրած է հեղինակին անձնական գործիքով։

Իզայիի վեց սոնաթներուն ժողովածուն գրուած է 1923 թուականի յուլիսին: Երաժիշտը իւրաքանչիւր սոնաթ նուիրած է իր ժամանակակից ջութակահարներէն մէկուն՝ Եոժէֆ Սիկեթիին (թիւ 1), Ժագ Տիպոին (թիւ 2), Ժորժ Էնէսքուին (թիւ 3), Ֆրից Քրէյսլերին (թիւ 4), Մաթիօ Քրիքպոմին (թիւ 5) եւ Մանուէլ Քիրոկային (թիւ 6)։ Ձայնասկաւառակը թողարկուած է մարտի 29-ին։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2024