ՍԻՒՆԻՔԸ՝ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԵՒ ԹԵՀՐԱՆԻ ԱՐԱՆՔԻՆ
Սիւնիքի ստանալիք կարգավիճակին շուրջ Իրանի դիրքորոշումը փուլ առ փուլ կը սաստկանայ, անշուշտ, առայժմ հռետորաբանական մակարդակի վրայ: «Զանգեզուրի միջանցք»ի շուրջ Թեհրանի դիրքորոշումը որոշ հոլովոյթէ մը կ՚անցնի:
Այսպէս, Իրան նախ յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ իր դարաւոր սահմանի որեւէ փոփոխութեան դէմ է: Ապա այլ բաղադրիչներ ներառուեցան այս դիրքորոշումին: Թեհրան դէմ է տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքականութեան փոփոխութեան եւ երրորդ՝ դէմ է նաեւ, որ տարածաշրջանին մէջ ժողովրդագրական փոփոխութիւն տեղի ունենայ:
Առաջինը ընդհանուր մօտեցում մըն է եւ քաղաքական մակարդակով միանշանակօրէն հասկնալի: Միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու փոփոխութիւնը մերժելի է: Երկրորդի պարագային խառն ուղերձներ կան: Աշխարհաքաղաքականութեան փոփոխութիւնը նախ եւ առաջ կրնայ ընկալուիլ՝ Արեւմուտքի տարածաշրջան թափանցման քաղաքականութեան դէմ ըլլալու տեսանկիւնէն: Երրորդը ուղիղ հասցէական է, ուղղուած է Ատրպէյճանին։ Սա պատասխանն է Պաքուի յառաջ քշած «ատրպէյճանցիներու Հայաստան վերադարձ»ի պահանջին կամ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի տեսութեան:
Ուրեմն, առաջինը ընդհանուր սահմանը անփոփոխ պահելու մասին է, երկրորդը Արեւմուտքին կ՚ուղղուի անուղղակիօրէն, երրորդը շեշտակիօրէն Ատրպէյճանին պատասխան է:
Այստեղ կը նկատուի, թէ Թեհրան խնամքով շրջանցած է Մոսկուան, որ հիմնական շահագրգիռներէն է միջանցքի գործարկման: Եւ ահա Ռուսաստանի նախագահին այցելութիւնը Պաքու եւ անկէ ետք Մոսկուայի կատարած պաշտօնական յայտարարութիւնները պատճառ հանդիսացան, որ Թեհրան այս հարցին մէջ ամենէն խիստ ձեւով իր սլաքները ուղղէ Մոսկուային:
Դիտարժան բաժին է նաեւ, որ համաժամանակեայ ընթացան երկու իրադրութիւններ: Պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծէն դուրս հանուած է միջանցքին վերաբերեալ կէտը՝ մինչ օրակարգը կը վերադառնայ քննարկումներու դաշտ գլխաւոր խաղացողներու կողմէ: Այս պարագային առաջին արծարծողը՝ Մոսկուան:
Մոսկուային ուղղուած նախ անուղղակի եւ ապա ուղղակի Թեհրանի պատասխաննները հրապարակուեցան երեք մակարդակով: Առաջինը՝ դիւանագիտական, Երեւանի Իրանի դեսպանին ճամբով, երկրորդը՝ կառավարական, արտաքին գործոց նախարարին միջոցով։ Երրորդը՝ օրէնսդրական, խորհրդարանի արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան հարցերու յանձնախումբի անդամին կողմէ:
Այս երեք մակարդակներու գոյութիւնը ենթադրել կու տայ Իրանի պետական դիրքորոշումին ամրութիւնը այս հարցին մէջ: Այս յայտարարութիւններու ընթացքին օգտագործուեցան «կարմիր գիծ», «ի պահանջել հարկին ռազմական միջոցներով կանխել», «թիկունքէն հարուած ստանալ» եւ այլ ածանցեալ ձեւակերպումներ, որոնք դարաւոր սահմանի փոփոխութիւնը մերժելու Իրանի առաջնային յայտարարութեան փակագիծերը բացին:
Թեհրանի ուղերձի խստացումը, սակայն, կը թուի, թէ միայն Մոսկուային չէ ուղղուած: Այս նախագիծով տարբեր շահերէ մեկնած խանդավառ են Անգարան, Պաքուն եւ Մոսկուան: Առաջին երկուքը պարզ է, որ թուրանական կամուրջի կառուցումը առաջադրած են, մինչ երրորդը կ՚ուզէ վերահսկել շատ կարեւոր հանգուցակէտ մը: Այդ հանգուցակէտը չի վերաբերիր միայն Թուրքիա-Նախիջեւան-Ատրպէյճան կամրջումին:
Սիւնիքի հանգուցակէտը Իրան-Արեւմուտք կամ Իրանի դէպի Եւրոպա ապաշրջափակման կենսաճանապարհն է՝ Իրան-Սիւնիք-Վրաստան-Սեւ ծով-Եւրոպա հաղորդակցուղիներով:
Թեհրանի համար, ուրեմն, դարաւոր սահմանէն աւելի՝ իր կենսաճանապարհին վրայ այլ վերահսկողութիւններ մերժելու պետական շահն է:
Պատասխանի խստացումին դիմաց Մոսկուա կը վերաձեւակերպէր իր պաշտօնական յայտարարութիւնները՝ ըսելով, որ Իրանի համաձայնութիւնը անհրաժեշտ է տարածաշրջանի ապաշրջափակման նախագիծերը կեանքի կոչելու համար: Այս պարունակին մէջ ալ կը վերարծարծուէր «3+3»ը:
Յայտնապէս, սակայն, չեն աւարտած յայտարարութեան մակարդակի վրայ արձանագրուած այս միջադէպերը: Դիւանագիտական առումով ալ անտեսելի չէ Թեհրանի մօտ Ռուսաստանի դեսպանին Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրուիլը:
Յայտարարողական միջադէպերը չեն աւարտած. այդ մասին կը յուշէ Իրանի խորհրդարանի նոյն անդամը՝ յայտնելով, որ «Իրանի դիւանագիտութիւնը խիստ պատասխան պիտի տայ «Զանգեզուրի միջանցք»ին աջակցող Ռուսաստանի նախագահի վերջին դիրքորոշումներուն»:
Յամենայնդէպս, այս եւ ապագայ հաւանական «միջադէպեր»ու գրանցման աստիճանաչափերը կը տարուբերին Թեհրան-Արեւմուտք յարաբերութիւններու ելեւէջներով:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ»ի