ՔԱՌԵԱԿԻ 100-ԱՄԵԱԿԸ
1954 թուականին «Կոմիտաս» քառեակը առաջին անգամ ելոյթ ունեցաւ Անգլիոյ մէջ։ Քառեակի ելոյթները բացառիկ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին, անոնց մասին տասնեակ յօդուածներ լոյս տեսան «Daily Mail», «Daily Telegraph», «Times», «News Chronicle» եւ բազմաթիւ այլ թերթերու մէջ։
Այսպէս՝ «Փայլուն կատարողներ» վերտառութեամբ յօդուածին մէջ, ուր տպագրուած էր Կլազկովի «Bulleten» թերթին մէջ, ըսուած էր հետեւեալը. «Երէկ ելոյթ ունեցաւ «Կոմիտաս» քառեակը։ Ան ամենահիանալին էր մինչեւ հիմա մեր լսած բոլոր քառեակներէն։ Երբեք կարելի չէ մոռնալ այդ համերգը։ Մեր երաժշտասէրները պէտք չէ փախցնեն քառեակի հրաշալի նուագը ունկնդրելու առիթը»։
Լոնտոնի « News Chronicle» թերթը կոմիտասցիներուն համերգին մասին իր հաղորդումը «Հայերուն տուած դասը» վերնագրած էր, իսկ « Times»ը՝ «Կոմիտասի անուան քառեակի նուագը արտակարգ ներդաշնակ ու միասնական է։ Անոնք այդ ներդաշնակութեան հասած են տեւական փորձերու եւ հետեւողականութեան շնորհիւ», գրած էր։
Անգլիական երաժշտական ամսագրերու յօդուածները մանրամասն բնութագրած են քառեակին կատարողական արուեստը՝ մէկ առ մէկ անդրադառնալով կատարուած երկերուն. «Musical Events» ամսագրին մէջ, օրինակ, կը կարդանք․ «Հայկական պետական քառեակը խորունկ տպաւորութիւն մը ձգեց։ Անոր մասնակիցները երեւելի երաժիշտներ են, որոնց կատարումը ուշագրաւ է իր հիւթեղ ու քնքոյշ հնչողնութեամբ եւ նուրբ արուեստականութեամբ»։
Հայ երաժիշտներուն մասին մեծ համակրանքով խօսած է նաեւ «Music and Musicians» երաժշտական ամսագիրը՝ մատնանշելով անոնց ինքնավստահ կատարումը, երաժշտական հրաշալի արտայայտչականութիւնն ու ժանրի նրբին զգացողութիւնը։
Քառեակի արուեստին տրուած բարձր գնահատականի մասին կը վկայէ նաեւ այն, որ անոր կատարմամբ Անգլիոյ մէջ ձայնասկաւառակներու վրայ գրի առնուած են Շուպերթի րէ մինէօր, Չայքովսքիի ֆա մինէօր Պորոտինիինի րէ մաժէօր եւ Շոսթաքովիչի № 1 քառեակները։
Հպարտալի է, որ 1950-ականներու առաջին կէսին, գործիքային երաժշտութեան բազմապիսի ձայնագրութիւններէն Լոնտոնի մէջ լաւագոյնները համարուած են կոմիտասցիներուն Պորոտինի եւ Շոսթաքովիչի քառեակներուն կատարումը։