ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ԱԼԻԵՒ ԿԸ ՏԵՍԱԿՑԻՆ ՊԻՇՔԵՔԻ ՄԷՋ, ՈՒՐԿԷ ԿԸ ԲԱՑԱԿԱՅԻ ՓԱՇԻՆԵԱՆ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այսօր հանդիպում մը կ՚ունենան Պիշքեքի մէջ, ուր տեղի կ՚ունենայ ԱՊՀ-ի գագաթաժողովը։ Քրեմլինի աղբիւրները նշեցին, որ ռուսական կողմը մեծ նշանակութիւն կու տայ այսօրուան շփման։ Փութինի միջազգային հարցերով օգնականը՝ Եուրի Ուշաքով այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Անոնք կը քննարկեն Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ հարցեր։ Օրակարգի վրայ է Լեռնային Ղարաբաղի հայերու խաղաղ համարկումը Ատրպէյճանի իրաւական դաշտին եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պահպանումը։ Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը պատրաստ է աջակցելու այս բանին»։ Ան յոյս յայտնեց, թէ նախագահները կը քննարկեն նաեւ ռուս խաղաղապահներու պարագային ստեղծուած իրավիճակը։ Ուշաքով յիշեցուց, որ 2025 թուականի դեկտեմբերին պիտի լրանայ խաղաղապահներուն լիազօրութիւնը։
Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան չի մասնակցիր Պիշքեքի գագաթաժողովին։ Ուշաքով յայտնեց, որ եթէ Փաշինեան գագաթաժողովին մասնակցէր, ապա Փութին իրեն հետ ալ կը տեսակցէր։ Այնուամենայնիւ, ան վստահեցուց, թէ երկու ղեկավարներուն շփումները կը շարունակուին։
Յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է Փաշինեան-Ալիեւ ժամադրութիւնը՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։ Այս հանդիպման նախօրէին է, որ Պիշքեքի մէջ տեղի կ՚ունենայ Փութին-Ալիեւ հանդիպումը։ Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ երէկ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի՝ Հարաւային Կովկասի հարցերով խորհրդական Լուիս Պոնոն, որ միեւնոյն ժամանակ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահն է։ Ամերիկացի դիւանագէտը հանդիպումներ ունեցաւ Փաշինեանի, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։ Ալիեւն ալ երէկ յայտնեց, որ եթէ Հայաստան մերժէ Ռուսաստանի միջնորդութիւնը, այլընտրանքը կրնան ըլլալ Ա-տըրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու ուղիղ բանակցութիւնները։ Փութինի հետ այսօրուան ժամադրութեան ընդառաջ Ալիեւ ըսաւ, թէ Փաշինեան վեց ժամ թռելով կը մեկնի Կրանատա, այնտեղ անհասկնալի հանդիպման մը կը մասնակցի, բայց չի կարողանար երկու-երեք ժամ Պիշքեք թռիլ։ Պաքուէն այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ալ երէկ յայտնեցին, որ Ատրպէյճան չի պատրաստուիր Հայաստանի դէմ նոր պատերազմի մը եւ կը յարգէ անոր տարածքային ամբողջականութիւնը։ Իսկ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ իր երկիրը կը նկատէ Հայաստանի միջոցաւ Անդրկովկասէ ներս ՆԱԹՕ-ի շահերը յառաջ տանելու ուղղեալ փորձեր։
Երէկ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննան ալ յայտնեց, որ իր երկիրը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի շրջանակներէն ներս պիտի պահանջէ բանաձեւի մը ընդունուիլը, որպէսզի պայմաններ ստեղծուին հայոց Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձին համար։ Ըստ վերջին շրջանին ձեւաւորուած նախընթացին, Պաքուն ալ հերթական անգամ բողոքեց Փարիզի դէմ։
Հայաստանի կառավարութեան այս առաւօտեան ժողովի բացման Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Պէտք է ամէն ինչ ընել, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածները մնան Հայաստանի մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի հայաթափումը երբեք մեր ծրագիրներուն մէջ չէ մտած»։