ԱՇԽԱՊԱՏԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Աշխապատ, հանդիպումներ ունեցաւ Թիւրքմենիստանի նախագահ Սերտար Պերտիմուհամմետովի, ինչպէս նաեւ երկրի ազգային առաջնորդ եւ խորհրդարանի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամմետովի հետ։
«Ժամանակներու եւ քաղաքակրթութիւններու փոխկապակցուածութիւնը՝ խաղաղութեան եւ զարգացման հիմք» խորագրեալ համաժողովին մասնակցելու առընթեր, Վահագն Խաչատուրեան Աշխապատի մէջ ունեցաւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Սերտար Պերտիմուհամմետովի եւ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամմետովի հետ տեղի ունեցած զրոյցներու ընթացքին շօշափուեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային հրատապ օրակարգին վերաբերեալ զանազան հարցեր։ Կարծիքի փոխանակումներ կատարուեցան երկու երկիրներու հետաքրքրութեան առարկայ նիւթերուն շուրջ։ Վահագն Խաչատուրեան անդրադարձաւ Երեւանի դիրքորոշման՝ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման որոնումներուն տեսակէտէ։
Հայկական պատուիրակութեան կազմին մէջ էր նաեւ արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մնացական Սաֆարեան։
Աշխապատի համաժողովին մասնակցութիւն բերին նաեւ բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ։