ԵՐԱԶՆԵՐՈՒ ԵՏԵՒԷՆ...
Վերացականի, առարկայականի եւ զգացականի հատման կէտին ամէն ինչ շատ բարդ է, որովհետեւ կը հասնի ենթակայականի եզրին։ Նոյն երեւոյթին ո՛չ միայն ընկալումները, այլեւ սահմանումները կը դառնան փոփոխական։ Ընդհանուր համոզումը այն է, որ մարդ կ՚երթայ իր երազներու ետեւէն ու երբեմն ալ կեանքը կը դառնայ երազ մը։ Մարդ կարծես յաճախ կը ջանայ ըլլալ կամ մնալ միակ ճշմարիտը կամ առարկայականը՝ երազին ետեւէն վազելու ժամանակ, նոյնիսկ այդ երազին մէջ։ Բայց, իրականութեան մէջ, կեանքը այնպէս մը կը կլանէ, որ ինքը կը մնայ միակ ճշմարիտը եւ մարդը կը վերածէ սեփական երազի առարկան։
Տեսնենք ի՞նչ կ՚ըսէ Եղիշէ Չարենց։
... Ու պէ՜տք է քայլե՜լ ու քայլե՛լ յամառ՝
Ապրելու հսկայ տենչը բեռ արած,
Քայլել անիմաստ մի կեանքի համար,
Մարել ու վառել աստղերը մարած,
Որ տիեզերքի զառանցանքը մառ
Չցնդի՜ երբեք ու մնայ երազ...