ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԵՐԷԿ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ՔՈԼՈՆՆԱՅԻ ԿՈՂՄԷ, ՆԱԵՒ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ ԶՐՈՒՑԵՑ ԼԱՒՐՈՎԻ ՀԵՏ

Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննայի հետ։ Դէպի Փարիզ աշխատանքային այցելութեան շրջանակներէն ներս Արարատ Միրզոյեան Քաթրին Քոլոննային հետ գոհունակութեամբ արձանագրեց երկու ժողովուրդներու բարեկամական եւ ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններուն բարձր մակարդակը։ Նախարարները քննարկեցին Երեւանի եւ Փարիզի միջեւ համագործակցութեան հարուստ օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։

Quai d'Orsay-ի մէջ տեղի ունեցած զրոյցին ժամանակ Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի մշակման վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւնները, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման գործընթացի, տարածաշրջանային փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերեալ հայկական կողմի դիրքորոշումները։ Ան ընդգծեց, որ Պաքուի առաւելապաշտական մօտեցումներն ու ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը կը խաթարեն տարածաշրջանէն ներս անվտանգութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան անդրադարձաւ անցեալ 13-14 սեպտեմբերին Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ գործուած յարձակումներուն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց այդ կապակցութեամբ Ֆրանսայի կողմէ ցուցաբերուած սկզբունքային դիրքորոշման համար։ Նախարարը մատնանշեց նաեւ հետեւանքներու վերացման հարցը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան բարձր գնահատեց Ֆրանսայի՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ դերակատարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի յառաջ մղման տեսակէտէ։

Երկուստեք կարեւորուեցաւ հոկտեմբերի 6-ին Փրակի մէջ տեղի ունեցած քառակողմանի հանդիպման արդիւնքով ընդունուած յայտարարութիւնը։ Ծանօթ է, որ այդ քառակողմանի հանդիպումը իրականացած էր՝ մասնակցութեամբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի։

Երէկուան հանդիպման ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստանէ ներս Եւրոմիութեան դիւանագիտական առաքելութեան եւ կարիքներու գնահատման ԵԱՀԿ-ի առաքելութեան գործունէութեան վերաբերեալ հարցերու։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Նախարարները անդրադարձան Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ հանգամանքներու։

Զրուցակիցները  անդրադարձան նաեւ յառաջիկայ նոյեմբերի 22-ին Երեւանի մէջ նախատեսուած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի օրակարգին, ինչպէս նաեւ ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովի կազմակերպման վերաբերեալ հարցերու։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 12, 2022