ԶԳԱՑՆԵԼ ՓՈԽԱՐԺԷՔԸ
Սէուտական Արաբիոյ հիւրընկալմամբ, երէկ, Ռիատի մէջ տեղի ունեցաւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան եւ Արաբական լիկայի համատեղ գագաթաժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան այս առթիւ ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին շեշտեց, որ Կազզէի եւ Պաղեստինի տարածքէն ներս Իսրայէլի յարձակումներուն հետեւանքով ցարդ 50 հազար պաղեստինցի նահատակուած է. ընդ որում՝ 70 տոկոսը կանայք եւ երեխաներ։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա պատրաստակամ է կեանքի կոչելու այն բոլոր առաջարկները, որոնցմով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու պիտի զգայ Պաղեստինը բռնագրաւելու փոխարժէքը։ «Իսրայէլի նպատակն է՝ Կազզէի մէջ հաստատուիլ եւ Արեւմտեան Շերիաէ ներս Պաղեստինի գոյութեան վերջ տալով զայն բռնագրաւելը՝ ներառեալ Արեւելեան Երուսաղէմը։ Քայլ առ քայլ ընթացք մը խնդրոյ առարկայ է այս ուղղութեամբ։ Այս բանին պէտք է արգելք հանդիսանանք։ Ափ մը արեւմտեան երկիր Իսրայէլին ամէն տեսակ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ՝ ռազմական, քաղաքական, տնտեսական ու բարոյական։ Մահմետական երկիրներու հակազդեցութիւնը կը մնայ անբաւարար, ինչ որ, դժբախտաբար, պատճառ դարձած է՝ դաշտի վրայ կացութեան առկայ կէտի հասնելուն», ըսաւ Էրտողան։ Բաց աստի, ելոյթին մէջ նախագահը յոյս յայտնեց, թէ պիտի գան այն օրերը, երբ Պաղեստինի պետութիւնը ՄԱԿ-ի անդամ պիտի ըլլայ։
Հարկ է նշել, որ Ռիատի երէկուան գագաթաժողովի մասնակիցներու շարքին էր Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատ։
Միւս կողմէ, նախագահ Էրտողան Ռիատի մէջ ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Այս ամբողջին մէջ յատկանշական էր իր տեսակցութիւնը՝ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանի հետ։ Տեղական մամուլը կը գրէ, որ այս հանդիպման ընթացքին Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը առաջին անգամ Պաղեստինի իրադարձութիւնները որակած է ցեղասպանութիւն։