ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) անցեալ ամիս գումարուած 93-րդ ընդհանուր ժողովին զուգահեռ վերաձեւաւորուած են՝ կեդրոնական վարչութեան ու դիւանին, հոգաբարձուներու խորհուրդին եւ գործադիր աշխատակազմի կազմերը։ Այսպէս, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նորընտիր դիւանը ձեւաւորուած է ըստ հետեւեալի.
Սեմ Սիմոնեան (նախագահ), Արտա Յարութիւնեան (փոխ-նախագահ), Երուանդ Զօրեան (փոխ-նախագահ), Անի Մանուկեան (ատենադպիր) եւ Նազարէթ Ֆըստըքճեան (գանձապահ)։
12 հոկտեմբեր 2024 թուականին, Նիւ Եորքի մէջ գումարուած ընդհանուր ժողովին ժամանակ յայտարարուած էր, որ Պերճ Սեդրակեան ՀԲԸՄ-ի պատուոյ նախագահ դարձած է։ Այս կոչման զուգահեռ՝ ան այժմ մաս կը կազմէ ՀԲԸՄ-ի Հոգաբարձուներու խորհուրդին։ Բաց աստի, հոգաբարձուներու խորհուրդին կը միանան Ժոզէֆ Ուղուրլեան (կեդրոնական վարչութեան նախկին փոխ-նախագահ) եւ Էլի Աքըլեան։ Այսպէսով, Վաչէ Մանուկեանի կողմէ գլխաւորուած հոգաբարձուներու խորհուրդը կը բաղկանայ հետեւեալներէ.
Էլի Աքըլեան, Էրիք Իսրայէլեան, Ժոզէֆ Ուղուրլեան, Արմէն Սարգսեան, Պերճ Սեդրակեան եւ Սինան Սինանեան։ Բաց աստի, Սեմ Սիմոնեանն ալ ի պաշտօնէ կ՚անդամակցի ՀԲԸՄ-ի Հոգաբարձուներու խորհուրդին։
Ըստ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնէն հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան՝ կեդրոնական վարչութեան յառաջիկայ չորս տարուան կազմը արդէն ձեւաւորուած է։ Հարկ է նշել, որ կեդրոնական վարչութեան անդամներուն մէկ երրորդը ոչ-ամերիկահպատակ է՝ ըստ ծրագիր-կանոնագրին։ Ուրեմն, կեդրոնական վարչութեան անդամներն են հետեւեալները.
Էրիք Իսրայէլեան (ԱՄՆ), Նազարէթ Ֆըստըքճեան (ԱՄՆ), Վահէ Կապրաշ (Զուիցերիա), Նատիա Գործունեան (Ֆրանսա), Արտա Յարութիւնեան (ԱՄՆ), Եղիշէ Մանուկեան (ԱՄՆ), Լեւոն Նազարեան (ԱՄՆ), Երուանդ Զօրեան (ԱՄՆ), Վազգէն Եագուպեան (Հայաստան)։
Վերոյիշեալ վերընտրեալներուն վրայ կու գան աւելնալ՝ Հայկ Արեան (ԱՄՆ), Երուանդ Տեմիրճեան (ԱՄՆ), Սարգիս Ճէպէճեան (ԱՄՆ), Արի Լիպարիտեան (ԱՄՆ), Անի Մանուկեան (ԱՄՆ), Եղիշէ Մանուկեան (ԱՄՆ), Լոռի Մունչերեան (ԱՄՆ), Լեւոն Նազարեան (ԱՄՆ), Երուանդ Զօրեան (ԱՄՆ), Լենա Սարգիսեան (Գանատա), Վարդգէս Քնաճեան (Գանատա), Առնօ Ադամեան (Անգլիա) եւ Քամիլիօ Ազուզ (Անգլիա)։
Ուրեմն, կեդրոնական վարչութեան նոր նախագահ Սեմ Սիմոնեանի մականին ներքեւ ՀԲԸՄ-ի յառաջիկայ քառամեայ ժամանակաշրջանի ղեկավար կազմը վերջնականօրէն ձեւաւորուած եւ պաշտօնապէս հրապարակուած է հանրութեան։