Հինգշաբթի 20, Մարտ 2025
ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ ԴԷՊՔ
Ռիզէի անվտանգութեան տնօրէն Ալթուղ Վերտի երէկ զոհ գնաց սարսափելի զինեալ յարձակումի մը։ Ոստիկան Իսմայիլ Հաքքը Սարըճաօղլու, որու այլ վայր մը գործուղղուելու փափաքը մերժուած էր, երէկ կրակեց անվտանգութեան տնօրէնին վրայ, ինչ որ մեծ ցասում յառաջացուց բովանդակ երկրին մէջ։ Նոյն դէպքին հետեւանքով երկու ոստիկան ալ վիրաւորուեցաւ։
Նահատակ Ալթուղ Վերտիի յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ այսօր։ Ան ծնած էր 1972 թուականին։
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2018