Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽԱՌՆԱՐԱՆ...
Կեանքի փիլիսոփայութիւն ըսուածը յաճախ կը վերագրուի անհատներու։ Սա, ընդհանուր ընկալմամբ, տուեալ անձի դիրքաւորումը կը պայմանաւորէ՝ ուրիշներու եւ աշխարհի երեւոյթներուն նկատմամբ։ Բազմութեան մէջ այդ մէկը ձեւով մը ռազմավարութեան կը վերածուի՝ քանի այդ զանազանութեան մէջ կրնան բաղխիլ կեանքի փիլիսոփայութիւնները։ Բազմութիւնը, տեսականօրէն, կեանքի փիլիսոփայութիւններու համադրութիւն մըն է կամ խառնարան մը։ Եւ այդ տեսակաւորութեան մէջ ամէն ինչ կրնայ այդքան ալ հարթ չընթանալ։
«Նրբութիւնը կը սորվիք, երբ կը հասկնաք, թէ անձի մը վերաբերմունքը ի վերջոյ ձեզմէ աւելի՝ կը վերաբերի իր ներքին պայքարին», կ՚ըսէ Փաոլօ Քոելօ։
Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2023