ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՍԳԱՅ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ 9 ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ԿՈՐՈՒՍՏԸ
Հիւսիսային Իրաքէն հասած լուրերը երէկ խոր ցաւ ու մեծ ցասում յառաջացուցին բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Թուրք զինեալ ուժերուն եւ անջատողական ահաբեկչական կազմակերպութեան՝ ՓՔՔ-ի միջեւ ծագած բախումներուն հետեւանքով 9 զինուոր նահատակուեցաւ։ Ամբողջ երկիրը կը սգայ այս մեծ կորուստը՝ մինչ Անգարայի ղեկավարութիւնը շարժման անցած է անմիջապէս։ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս ցնցիչ դէպքէն վերջ իրերայաջորդ տնօրինութիւններ կատարեց։ Ռազմաօդային ուժերը իսկոյն յարձակման անցան՝ թիրախաւորելով տարածաշրջանի ահաբեկչական լծակները։ Թրքական «Ֆ-16»երը թռիչք առնելով չէզոքացուցին շրջանի ահաբեկչական զանազան կէտերը եւ գործողութիւնները տակաւին կը շարունակուին։
Երէկուան դէպքը պատահեցաւ Հիւսիսային Իրաքի այն շրջանէն ներս, ուր թրքական բանակը յառաջ կը տանի «Փենչէ-քիլիթ» գործողութիւնը։ ՓՔՔ-ականները երէկ փորձեցին պատկան ռազմախարիսխի շրջանը թափանցել, ինչ որ պատճառ դարձաւ բախումի մը ծագելուն։ Բանակի ազդու գործողութիւններով 15 ահաբեկիչ չէզոքացուեցաւ։ Մինչ 9 թուրք զինուորի նահատակուիլը խոր ցաւ ու մեծ հակազդեցութեան ալիք մը յառաջացուց երկրին մէջ, ներկայիս բոլորը ուշադրութեամբ կը հետեւին վիրաւորեալներու կացութեան։
Պետական աւագանիին կողմէ փութով առնուած քայլերուն զուգահեռ՝ քաղաքական շրջանակները անէծք տեղացուցին պատահածին համար։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, այսօր, Իսթանպուլի մէջ նախատեսուած է անվտանգութեան խորհրդակցութիւն մը՝ ամենաբարձր մակարդակի պաշտօնատարներու մասնակցութեամբ։ Տոլմապահչէի գրասենեակի համալիրէն ներս նախատեսուած ժողովին կը մասնակցին արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայա, ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր, ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Մեթին Կիւրաք, ՄԻԹ-ի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն եւ այլ պաշտօնատարներ։
Հարկ է նշել, որ նահատակներու վերաբերեալ հասած լուրերով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, այս շաբաթավերջին ջնջուեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ զանազան կուսակցութիւններու կողմէ նախատեսուած քարոզչական բնոյթով հաւաքոյթները։