Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ԺԱՄԱԴՐՈՒԱԾ ԵՆ ԱՅՍ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանիամ Ճայշանքար երկուշաբթի պիտի այցելէ Թեհրան, ուր բանակցութիւններ պիտի վարէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ, նաեւ պիտի հիւրընկալուի երկրի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն կողմէ։
Այս երկու երկիրները ներկայիս միջազգային բեմահարթակի վրայ կարեւոր գործօն դարձած են՝ Հարաւային Կովկասի գործընթացներուն վրայ ներազդելու իրենց ներուժով։ Անոնց վարած քաղաքականութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նաեւ Հայաստանի տեսակէտէ։ Արդարեւ, Երեւանի առաջնահերթութիւնները նկատելիօրէն կը համընկնին Թեհրանի եւ Նիւ Տելհիի նպատակներուն հետ։
Շաբաթ, Յունուար 13, 2024