ՄԻԱԹՈՎԻՉ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԷՆ ՏԵՂԱՀԱՆԵԱԼՆԵՐՈՒ ԱՊԱՀՈՎ ՈՒ ԱՆՎՏԱՆԳ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Եւրոխորհուրդի մարդու իրաւանց յանձնակատար Տունիա Միաթովիչ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղէն բոլոր տեղահանեալներուն պէտք է տրուի արժանապատիւ ու ապահով վերադարձի հնարաւորութիւն։ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է իրենց հաշտութեան բանակցութիւններուն մէջ ուշադրութիւն դարձնեն մարդու իրաւանց պաշտպանութեան եւ մարդու իրաւանց պաշտպանութեան խիստ երաշխիքներ սահմանեն հակամարտութենէն բոլոր տուժածներուն համար», համոզուած է ան։

Հրապարակելով իր դիտարկումները անցեալ տարեվերջին դէպի Հայաստան եւ Ատրպէյճան կատարած այցելութեան վերաբերեալ, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղը, ան յայտնեց, որ Ստեփանակերտէն բնակչութեան հեռացումէն վերջ այնտեղ ականատես եղած է դատարկ փողոցներու, լքուած տարածքներու եւ քաղաքացիական անձերու գրեթէ լիակատար բացակայութեան։ Իր խօսքով՝ Եւրոմիութեան անդամ երկիրները պէտք է կեդրոնանան ելմտական աջակցութիւն ցուցաբերելու վրայ՝ ապահովելու համար տեղահանեալներու եւ զանոնք ընդունածներու մարդասիրական կարիքներու լիովին բաւարարման։

«Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պարտաւոր են ապահովել, որ Ղարաբաղի հայերու թողած գոյքը պաշտպանուած ըլլայ թալանէ, գողութենէ կամ տիրացումէ», շեշտած է Միաթովիչ՝ միեւնոյն ժամանակ ողջունելով Պաքուի քայլերը, որոնք կը նախատեսեն նպաստել տեղահանեալներու վերադարձին։

Շաբաթ, Յունուար 13, 2024