ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Դէպի Եգիպտոս պաշտօնական այցելութեան ընդառաջ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու ամէն օր կը հատէ նոր կարմիր գիծ մը։
Նախագահ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ գլխաւորեց կառավարութեան ժողովը, որու աւարտին Պեշթեփէի համալիրի երդիքին տակ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան վաղը Գահիրէ պիտի մեկնի՝ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի հրաւէրին ընդառաջ։ Տասներկու տարուան ընդհատումէ մը վերջ տեղի պիտի ունենայ այս այցելութիւնը, որու ընդառաջ Էրտողան Իսրայէլի ուղղեալ խիստ պատգամներով հանդէս եկաւ հերթական անգամ։ Ան ընդգծեց, որ 7 հոկտեմբերէն ի վեր Նեթանիյահուի ղեկավարութիւնը կը հետեւի վայրագութեան եւ սպանդի քաղաքականութեան։ «Արեւմտեան ուժերը բեմահարթակին առջեւ հանդարտութեան կոչ կ՚ուղղեն Իսրայէլին, սակայն «Համաս»ի պատրուակին ետեւ թաքնուելով աչք կը փակեն Նեթանիյահուի սպանդներուն», ըսաւ Էրտողան՝ հերթական անգամ Նեթանիյահուն համեմատելով Հիթլէրի հետ։
Էրտողան, որ Եգիպտոսի առընթեր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ալ պիտի այցելէ, երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ ըսաւ. «Դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Եգիպտոսի մէջ մեր իրականացնելիք տեսակցութիւններուն ընթացքին պիտի տեսնենք, թէ յաւելեալ ինչ կրնանք ընել Կազզէի մեր եղբայրներուն համար»։
Միեւնոյն ժամանակ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ «Ֆ-16» ռազմաօդանաւերու վերաբերեալ գործընթացին մէջ Թուրքիա գոհ է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ առնուած որոշումներով։