ՅԱՒԱԿՆՈՏ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան առընթեր Լեզուի կոմիտէն պաշտօնապէս ազդարարած է՝ «Հայերէնը ոչ-հայախօսներու համար. հայերէնի ուսուցման, ստուգման եւ գնահատման համակարգ» նոր ծրագրի մեկնարկը։ Սա իսկապէս կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն է, որովհետեւ նորաստեղծ համակարգը հնարաւորութիւն կու տայ ոչ-հայախօսներուն՝ սորվիլ հայերէն, ստուգել լեզուի իմացութիւնը եւ ստանալ իմացութեան մակարդակը նշող վկայական մը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Լեզուի կոմիտէի նախագահ Սիրանոյշ Դւոյեան երէկ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին ըսաւ. «Ծրագրին արդէն սկսած ենք. այժմ ան աշխատանքային փուլի մէջ է։ Նախագիծը պէտք է ստեղծուի՝ Եւրոխորհուրդի լեզուներու իմացութեան եւ գնահատման ընդհանուր շրջանակին վրայ հիմնուելով։ Տակաւին 2005 թուականին խորհուրդի շրջանակներէն ներս աշխատանքներ իրականացուած են եւ հրապարակուած է «Լեզուներու իմացութեան/իրազեկութեան համաեւրոպական համակարգ. ուսումնառութիւն, դասաւանդում, գնահատում» գիրքը։ Այլ աշխատանքներ եւս իրականացուած են, սակայն ծրագիրը չէ գործարկուած։ Մեր խնդիրը այդ մէկը գործարկելն է»։
Բաց աստի, Դւոյեան նշեց, որ ոչ-հայախօս օտարները եւ այն հայերը, որոնց համար հայերէնը առաջին լեզու չէ՝ խօսքը սփիւռքի մէջ ծնած եւ մեծցած հայերուն կը վերաբերի, անոնք, որոնք օտար լեզուներով կրթուած են, խնդիրներ ունին հայերէնի իմացութեան հետ, այս ծրագրին միջոցաւ պիտի կարողանան հաղորդ դառնալ հայերէնին։ Դւոյեան շեշտեց, որ համակարգը ելեկտրոնիկ պիտի ըլլայ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ այդ մէկը պիտի գործէ ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ երկրի սահմաններէն դուրս։ Տնօրէնուհին հաւաստիացուց, որ լեզուի ուսուցման չափորոշիչները պիտի մշակուին հայ մասնագէտներու կողմէ։
Սիրանոյշ Դւոյեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն բացատրեց, որ այս ծրագիրը անհրաժեշտութիւն դարձած է վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընկերային փոփոխութիւններուն ալ ազդեցութեամբ։ Արդարեւ, աշխատանքային նպատակներով Հայաստան հաստատուած ոչ-հայախօսներու ընկերային համարկման եւ յառաջացած աշխատանքային խնդիրները կարգաւորելու համատեսքին մաս կը կազմէ սոյն նախաձեռնութիւնը։
Ի լրումն այս բոլորին, Սիրանոյշ Դւոյեան յայտնեց, որ Լեզուի կոմիտէն ներկայիս կը քննարկէ թուային որոնման համակարգերու մէջ հայերէնի՝ որպէս կենսունակ լեզու գործառնութեան հետամուտ ծրագրի մը ստեղծումը։ Բաց աստի, Լեզուի կոմիտէն զանազան լեզուներէն փոխառնուած յատուկ անուններու գրութեան եւ արտասանութեան սկզբունքներու մշակման կարիքն ալ կը մատնանշէ։