ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԼՈՒԾՈՒՄ
Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոցիաս երէկ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու եւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու տեսակցեցան հիւր նախարարին հետ։ Էրտողան Քոցիասը հիւրընկալեց նախագահական պալատին մէջ։ Քոցիասի շփումները հետաքրքրական էին իրենց ժամկէտին առումով, որովհետեւ այս Ուրբաթ՝ Մայիսի 15-ին պիտի վերսկսին կիպրական բանակցութիւնները։
Չավուշօղլու եւ Քոցիաս համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին «Անգարա փալաս»ի մէջ։ Այս առթիւ հիւր նախարարը ընդգծեց, որ Յունաստան եւ Թուրքիա տարածքաշրջանէն ներս կը հանդիսանան կայունութեան ազդակ երկու երկիրներ։ Երէկուան խորհրդակցութիւններուն ընթացքին կողմերը համակարծիք գտնուած են ծովու անվտանգութեան շուրջ։ Ներկայիս օրակարգի վրայ կը գտնուին շարք մը թէքնիկ խնդիրներ։ Քոցիաս յայտնեց, թէ կողմերու հասարակաց ցանկութիւնն է Եգէականի վերաբերեալ խնդիրներուն համար լուծման գտնուիլը եւ լարուածութեան նուազումը։
Չավուշօղլուն ալ հաստատեց, որ համակարծիք գտնուած են շարք մը նախազգուշական միջոցներու շուրջ, որոնք ուղղուած են վստահութեան մթնոլորտի ամրապնդման։
Տեղական մամուլը կը մատնանշէ, թէ երկու նախարարները ամփոփ գիծերու մէջ Եգէականի պարագային բարեկամութեան, իսկ Կիպրոսի պարագային լուծման ուղղեալ պատգամներ փոխանցած են։
Միւս կողմէ, այսօր Անթալիոյ մէջ տեղի կ՚ունենայ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Երկօրեայ նիստերուն համար Քոցիասն ալ Անգարայէն անցած է Անթալիա։ Ժողովականներու շարքին է նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով։ Նստաշրջանը կը բացուի Ահմէտ Տավուտօղլուի ելոյթով։