ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ «ՀԻԼԹԸՆԻ»Ի ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
«Հիլթըն» աշխարհահռչակ պանդոկներու ցանցը կը պատրաստուի մասնաճիւղ մը հաստատել Երեւանի մէջ։
Հայաստանեան լրասփիւռները կը հաղորդեն, որ յառաջիկայ շաբաթներուն պաշտօնապէս պիտի բացուի այս նոր հինգաստղանի հիւրանոցը, որ պիտի գործէ Երեւանի կրկէսին մօտ կառուցուած բարձրայարկ շէնքէն ներս։
Ներկայիս «Հիլթըն» աշխատակիցներու հաւաքագրման գործունէութիւն կը ծաւալէ Երեւանի նոր մասնաշէնքին համար։ Ըստ հաղորդուած մանրամասնութիւններուն, թէեւ պանդոկին բացումը նախատեսուած էր աւելի կանուխ, բայց շինարարութեան զանազան պատճառներով յետաձգման հետեւանքով ապրուեցաւ անխուսափելի յապաղում մը։
Միջազգային համբաւով պանդոկներու ցանցերու շարքին այսպէսով «Մարիոթ»էն վերջ «Հիլթըն»ի խմբակն ալ մուտք գործած կ՚ըլլայ Հայաստանի շուկայ։ Մասնագէտներու կարծիքով «Հիլթըն»ի ներկայութիւնը կրնայ էապէս փոխել Հայաստանի պանդոկներու շուկային իրադրութիւնը։
«Հիլթըն»ի Երեւանի մասնաճիւղին բացումը կը յաջորդէ նաեւ «Քարֆուր»ի Երեւանի մասնաճիւղի բացման։