ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԹԱՆԷՐ ԱՔՉԱՄԻ ՀԵՏ

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ յայտ­նի պատ­մա­բան Թա­նէր Աք­չա­մի հետ։ Լոս Ան­ճե­լը­սի «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի գա­հա­կա­լը Թա­նէր Աք­չա­մին հետ խորհրդակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցաւ Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի եւ Մայր տա­ճա­րի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­ձեռք­բեր­ման հա­մար Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ բա­ցուած դա­տին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Հարկ է նշել, որ Թա­նէր Աք­չամն ալ մաս կը կազ­մէ այս դա­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան հա­մար ստեղ­ծուած յանձ­նա­խում­բին, իբր այդ սոյն տե­սակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցած է աշ­խա­տան­քա­յին բնոյթ։

Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ Ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին ան մօ­տէն կը հե­տե­ւի այս դա­տա­կան գոր­ծըն­թա­ցին վե­րա­բե­րեալ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք ներ­կա­յիս ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն կը զբա­ղեց­նեն օ­րա­կար­գը։ Այս ծի­րէն ներս Նո­րին Սրբու­թիւ­նը զրու­ցած է նաեւ Թա­նէր Աք­չա­մի հետ, որ ցարդ կա­տա­րուած աշ­խա­տան­քին կա­պակ­ցու­թեամբ կա­տա­րած է դրա­կան ար­ժե­ւո­րում­ներ։ Իր կար­գին, Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս ընդգ­ծած է վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցած զար­գա­ցում­նե­րուն յատ­կան­շա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րը եւ կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տած է աշ­խա­տանք­նե­րը նոյն թա­փով շա­րու­նա­կե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։

Այս բո­լո­րի լոյ­սին տակ Ան­թի­լիաս ներ­կա­յիս կը նա­խա­տե­սէ մին­չեւ ամ­սա­վերջ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը կազ­մա­կեր­պել Իս­թան­պու­լի մէջ։ Կի­լի­կեան Ա­թո­ռը կը փա­փա­քի, որ յա­ռա­ջի­կայ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ա­ռաջ կազ­մա­կեր­պուի այս ա­սու­լի­սը։

Նոյն աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս մշտա­կան կա­պի մէջ կը գտնուի նաեւ դա­տի յանձ­նա­խում­բի միւս ան­դամ­նե­րուն հետ ու մօ­տէն կը հե­տե­ւի մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լի ար­ձա­գանգ­նե­րուն եւ Թուր­քիոյ հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րուն։

Միւս կողմէ, «Ազատութիւն» ռա­տիօ­կայանի հաղորդումներով, Թանէր Աք­չամ Ուաշինկթընի մէջ մաս­նակ­ցեցաւ 2015-ի տարելիցին նուիրուած, ե­ղեռնի զոհերու յիշատակին եւ հայ ազ­գի վերածնունդին ձօնուած եզ­րա­փակիչ ձեռնարկին։ Ատենախօսները այս ձեռնարկին ընթացքին երախ­տա­գիտու­թեամբ վերյիշեցին այն թուր­քե­րը, որոնք եղեռնի տարիներուն փրկած էին հայոց կեանքը։ Անոնք շնոր­հակալութիւն յայտնեցին նաեւ այն թուրք գործիչներուն, որոնք այ­սօր կը նպաստեն անցեալ դարաս­կիզ­բին ապրուածներուն որպէս ցեղաս­պա­նութիւն ճանաչման։ Այս շրջագ­ծով մրցանակ մըն ալ յանձնուեցաւ Թա­նէր Աքչամին, որ նշեց, թէ ժամա­նա­կակից Թուրքիան կը վերածուի նոր պե­տու­թեան մը, որ ապագային պատ­րաստ պիտի ըլլայ ճանչ­նալ եւ յարգել հա­յոց պահանջները։ «Ես գի­տեմ, թէ Արարատը եւ Ա­նին ի՛նչ կը նշանակեն ձե­զի համար», ըսաւ հա­ւա­­քոյթի ընթացքին  Աքչամ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2015