ՎԻԹԽԱՐԻ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Չի­նաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Չէն Կո­փին յայ­տա­րա­րեց, որ իր եր­կի­րը պատ­րաստ է ներդ­րում ու­նե­նա­լու Հա­յաստա­նի տնտե­սու­թեան զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նէն եւ Սպի­տակ Ռու­սիա­յէն խումբ մը լրագ­րող­ներ այս օ­րե­րուն ճա­նա­չո­ղա­կան բնոյ­թով ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն դէ­պի Փե­քին։ Այս շրջագ­ծով ա­նոնց հետ զրու­ցած է փոխ-նա­խա­րա­րը, որ յայտ­նած է հե­տե­ւեա­լը. «Թէեւ Հա­յաս­տան եւ Չի­նաս­տան աշ­խար­հագ­րա­կան դիր­քե­րով ի­րար­մէ բա­ւա­կան հե­ռու են, սա­կայն սա չի խան­գա­րեր, որ կող­մե­րը ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեամբ հա­մա­գոր­ծակ­ցին ի­րա­րու հետ։ Հայ եւ չի­նա­ցի ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ի­րա­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցած են տա­կա­ւին հին ժա­մա­նակ­նե­րէն սկսեալ, երբ կը գոր­ծէր Մե­տաք­սի ճա­նա­պար­հը եւ հի­մա ալ այդ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի։ Չի­նաս­տան պատ­րաստ է իր ներդ­րու­մը ու­նե­նա­լու Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թեան զար­գաց­ման գոր­ծին մէջ, յատ­կա­պէս փո­խադ­րու­թեան ու են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու ո­լոր­տէն ներս»։

­Կո­փին միեւ­նոյն ժա­մա­նակ դի­տել տուաւ, թէ Հա­յաս­տան հին եր­կիր մըն է, որ ու­նի հա­րուստ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւն եւ հրա­շա­լի պատ­մու­թիւն։ «Խե­լա­ցի եւ աշ­խա­տա­սէր հայ ժո­ղո­վուր­դը մեր օ­րե­րուն ալ լծուած է իր եր­կի­րը զար­գաց­նե­լու եւ շէ­նաց­նե­լու գոր­ծին։ Հա­յաս­տա­նի եւ Չի­նաս­տա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը բարձր մա­կար­դա­կի վրայ է։ Չի­նաս­տան շա­հագրգ­ռուած է, որ այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ալ ա­ւե­լի խո­րա­նան։ Եր­կու եր­կիր­նե­րը կապուած են ոչ միայն տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ, ո­րով­հե­տեւ Չի­նաս­տա­նի եր­կու նա­հանգ­նե­րուն մէջ հայ­կա­կան ծի­րան կ՚ա­ճե­ցուի։ Հայ­կա­կան ծի­րա­նը այս պա­հուն կ՚ա­ճի չի­նա­կան հո­ղին վրայ եւ դար­ձած է հայ-չի­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան իւ­րա­յա­տուկ խորհր­դան­շան մը», ա­ւե­լե­ցուց փոխ-նա­խա­րա­րը։

Իր կար­գին, Չի­նաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ա­կա­դե­միոյ Ռու­սաս­տա­նի, Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի եւ Ե­ւրոա­սիոյ հար­ցե­րով կա­ճա­ռի ղե­կա­վար Եան Ցզինն ալ ընդգ­ծեց, թէ չի­նա­կան կող­մը կ՚ակն­կա­լէ Հա­յաս­տա­նի աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Մե­տաք­սի ճա­նա­պար­հին վե­րա­կանգն­ման ծրագ­րին։ Ան հա­մո­զուած է, թէ Հա­յաս­տան շատ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն մը ու­նի Մե­տաք­սի ճա­նա­պար­հի վե­րա­կանգն­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Չի­նա­կան կող­մը կ՚ակն­կա­լէ, որ Հա­յաս­տան աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ ճա­նա­պար­հի վե­րա­նո­րոգ­ման շրջա­նակ­նե­րէն ներս ձեռ­նար­կուած են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու շի­նա­րա­րու­թեան։

«Մե­տաք­սի ճա­նա­պար­հի վե­րա­կանգն­ման հա­մար, բա­ցի են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու շի­նա­րա­րու­թե­նէն, շատ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի նաեւ այդ ճա­նա­պար­հը ընդգր­կող եր­կիր­նե­րու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մի­ջեւ աշ­խոյժ շփում­նե­րու հաս­տա­տու­մը։ Դժբախ­տա­բար, Հա­յաս­տա­նի եւ Չի­նաս­տա­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րը քիչ բան գի­տեն ի­րա­րու մա­սին», ը­սաւ Ցզին եւ յոյս յայտ­նեց, թէ լրագ­րող­նե­րու ճա­նա­չո­ղա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը պի­տի նպաս­տէ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ շփում­նե­րու ա­ռա­ւել աշ­խու­ժաց­ման։ Մե­տաք­սի ճա­նա­պար­հի վե­րա­կանգն­ման հար­ցին մէջ ան կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն վե­րագ­րեց նաեւ եր­կու եր­կիր­նե­րու քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու շփում­նե­րուն։

Եան Ցզին հա­մո­զուած է նաեւ, թէ Մե­տաք­սի ճա­նա­պար­հի վե­րա­կանգ­նու­մը կրնայ նպաս­տել բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու ներ­դաշ­նակ զար­գաց­ման՝ ի­րա­րու մի­ջեւ փոր­ձա­ռու­թեան փո­խա­նակ­ման, զա­նա­զան քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու եւ մշա­կոյթ­նե­րու միա­ւոր­ման ե­ղա­նա­կով։ Չի­նաս­տան ան­ցեալ տա­րի յա­տուկ հիմ­նադ­րամ մը հաս­տա­տեց՝ Մե­տաք­սի ճա­նա­պար­հի վե­րա­կանգն­ման ծրա­գի­րը կեան­քի կո­չե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Իսկ այս տա­րի, նոյն­պէս Փե­քի­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ հիմ­նուած է Են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու եւ ներդ­րում­նե­րու Ա­սիա­կան դրա­մա­տու­նը, որ վար­կեր պի­տի տրա­մադ­րէ վե­րո­յի­շեալ նպա­տակ­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ։ Եան Ցզին մատ­նան­շեց նաեւ Մե­տաք­սի ճա­նա­պար­հի վե­րա­կանգն­ման ծրագ­րին ռազ­մա­վա­րա­կան կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւ­նը։ Այդ ծի­րէն ներս իւ­րա­քան­չիւր երկ­րին պի­տի վի­ճա­կի իւ­րա­յա­տուկ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն եւ նշա­նա­կու­թիւն։

Իր կարգին, Չինաստանի Առեւտուրի նա­խա­րա­րու­թեան Եւրոպայի եւ Ասիոյ հետ կապերու վարչութենէն Չժան Տուն յայտնեց, թէ չի­նացի գործարարները կը փա­փաքին օգտուիլ Հայաստանի Եւրոասիոյ տնտեսական միու­թեան անդա­մակցու­թե­նէն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2015