ՔՆԵՍԵԹԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿՈՉ

Իս­րա­յէ­լի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Եու­լի Է­տէլշ­թայն կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի իր եր­կի­րը վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կէ հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ դիր­քո­րո­շու­մը։ «Ճէ­րու­զա­լէմ փոսթ» օ­րա­թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ Քնեսեթի նա­խա­գա­հը յար­մար կը նկա­տէ, որ վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կուի Իս­րա­յէ­լի դիր­քո­րո­շու­մը ըստ ո­րու հա­յոց ե­ղեռ­նը կը նկա­տուի մարդ­կու­թեան դէմ բա­րո­յա­կան բիծ մը։ «Պատ­մու­թիւ­նը կա­րե­լի չէ փո­խել։ Դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը այ­լեւս չի կրնար ա­ղէ­տը ստուե­րել», յայտ­նած է Է­տէլշ­թայն Քնեսեթի նիս­տին ըն­թաց­քին։ Ան հա­մո­զուած է, թէ գաղտ­նիք չէ, որ Իս­րա­յէլ հա­կա­սա­կան դիր­քո­րոշ­ման մը մէջ է այս ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցին շուրջ։ Ան սոյն դիր­քո­րո­շու­մը կը նկա­տէ շատ անվճ­ռա­կան ու շատ զուսպ։

«Որ­պէս հրեայ՝ մենք չենք կրնար լուռ մնալ։ Մենք չենք կրնար աչք փա­կել կամ նուա­զեց­նել հայ­կա­կան ող­բեր­գու­թեան տա­րո­ղու­թիւ­նը», յայտ­նած է Քնե­սեթի նա­խա­գա­հը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2015