ԷՐՏՈՂԱՆ. «ՀԱՐՑԵՐԸ ՉԵՆ ԼՈՒԾՈՒԻՐ ՅԵՏԱՁԳՈՒՄՈՎ»

Թուրքիա-Յունաստան յարաբերութիւններուն տեսակէտէ այսօր տեղի կ՚ունենայ կարեւոր իրադարձութիւն մը, վերջին շրջանին ստեղծուած դրական կլիմայի պարունակին մէջ։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը հիւրընկալէ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Անգարա։

Գագաթնային այս շփման առթիւ Յունաստանի «Քաթիմերինի» օրաթերթը հարցազրոյց մը հրատարակեց նախագահ Էրտողանին հետ, որ դրական պատգամներ տուաւ Անգարա-Աթէնք օրակարգի նիւթերուն կապակցութեամբ։

Հարցազրոյցին մէջ Էրտողան մասնաւորապէս ընդգծեց, որ խնդիրները չեն լուծուիր յետաձգուելով։ Թուրքիա կողմնակից չէ Յունաստանի հետ լարուածութեան։ «Անկեղծօրէն կրնանք բոլոր հարցերուն մասին խօսիլ ու լուծման ճանապարհին քայլեր առնել։ Յետաձգումը չի լուծեր խնդիրները, պէտք է համարձակութեամբ անոնց վրայ երթալ ու պէտք է լուծման համար կամք դրսեւորել», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ խանգարելը միշտ ալ դիւրին է, իսկ դժուարը՝ կառուցելն է, խնդիրները վարպետութեամբ լուծելը։

«Մենք ինչպէս ոեւէ մէկու իրաւունքներուն վրայ աչք չունինք, այնպէս ալ չենք փափաքիր, որ ոեւէ մէկը անարգանք ցուցաբերէ մեր իրաւունքներու պարագային», ընդգծեց նախագահը։

Էրտողան պատասխանած է նաեւ հարցումի մը, թէ ինչո՞ւ յետաձգուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ ժամադրութիւնը։ Ան այս կապակցութեամբ շեշտած է, որ ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններուն ընդառաջ յառաջացած են ժամանակացոյցի գործադրութեան շուրջ բարդութիւններ։

ՅՈՒՆԱՑ ՎԱՆՔԸ

Հարցազրոյցին մէջ Էրտողան յայտնեց նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ ծայր աստիճան յարգանք գոյութիւն ունի փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն նկատմամբ։ «Այս ուղղութեամբ մեր զգայնութիւնը շատ մեծ է։ Յոյն ուղղափառ փոքրամասնութիւնն ալ մեր երկրին մէջ թէ՛ հաւասար քաղաքացիութեան եւ թէ փոքրամասնական իրաւունքներէն կ՚օգտուի։ Հէյպէլիի վանքի վերաբացման ուղղութեամբ մեր աշխատանքները կը շարունակուին։ Յունաստանի թրքական փոքրամասնութեան կրթական բնագաւառի առկայ խնդիրներու պարագային ալ նոյն շինիչ մօտեցումը կ՚ակնկալենք մեր հարեւանէն», ընդգծեց ան։

Երկուշաբթի, Մայիս 13, 2024