ՅԱՄԱՌ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
«Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» շարժումով ծնունդ առած բողոքի ալիքը կը շարունակէ ամբողջ Հայաստանի օրակարգը բնորոշել՝ իր գործողութիւններով։ Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն՝ մանաւանդ Երեւանի կեդրոնին վերսկսան քաղաքացիական անհնազանդութիւնները, որոնցմով հասարակութեան ուղղեալ ահազանգ կը հնչեցուի։ Ոստիկանութիւնը կը միջամտէ ցոյցերուն եւ կը ձերբակալէ ցուցարարներ, որոնք շարժման անցած են՝ Տաւուշի թեմակալ առաջնորդ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանի կոչին ընդառաջ։ Ոստիկանութեան կոպիտ միջամտութիւններուն պատճառով Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան խօսք ուղղեց նաեւ թէ՛ յատուկ նշանակութեան զօրքերուն եւ թէ ոստիկաններուն. «Հանդարտ մնացէ՛ք, տղաք, ձեզ կը փճացնեն»։ Ըստ վերջին լուրերուն, ձերբակալեալ ցուցարարներուն թիւը արդէն անցած է 150-ի սահմանը։
«Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» շարժումը երէկ հանրահաւաք մըն ալ կազմակերպեց Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, ուր Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացի կասեցման ուղղեալ պահանջներ հնչեցին։ Պնդուեցաւ, որ սահմանազատման գործընթացին մէջ Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիմք ընդունուիլը հակաիրաւական է ու քրէականօրէն պատժելի կը համարուի։ Շարք մը նախկին դիւանագէտներ ալ շրջանառութեան մէջ դրած են տեսակէտ մը, ըստ որու պէտք է բացառել հայկական զինեալ ուժերու որեւէ նահանջ կամ դիրքային փոփոխութիւն՝ մինչեւ ամբողջական սահմանազատման գործընթացի աւարտը։
«Այս համաժողովրդական, առանց գոյնի, բայց բոլոր գոյներով շարժումը կը վկայէ, թէ եռագոյնը յաղթած է սեւ-սպիտակին», ըսաւ Բագրատ Սրբազանը։ Շարժման ներկայացուցիչները հրապարակի վրայ հնչեցուցին նաեւ հետեւեալ հարցումը.
«Այսօր մեր առջեւ խնդիր դրուած է՝ ըլլալ արեւմտեան Ատրպէյճա՞ն, թէ Հայաստան»։