ՀՆԳԱՍՏՂԱՆԻ ՊԱՆԴՈԿ
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ «Radisson Blu Hotel Yerevan»ը։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ մայրաքաղաքի առաջին հնգաստղանի պանդոկին բացման արարողութիւնը։ «Քարլսոն Ռեզիտոր» միջազգային ընկերութեան կը պատկանի այս պանդոկը, որ կը գտնուի «Յաղթանակ» զբօսայգիի կողքին։ Այս ընկերութիւնը Հայաստանի շուկայ մուտք գործած է կարեւոր նախաձեռնութիւնով մը, որու շրջագծով այցելուներուն համար նախատեսուած են անգերազանցելի ծառայութիւններ։
«Իսկապէս հաճելի է Հայաստանի մէջ ներկայացնել մեր պանդոկը, որ կ՚առանձնանայ իր յատուկ ոճով», ըսաւ պանդոկի ընդհանուր տնօրէն Ճորճ Միու։
Միջազգային կարեւոր ցանց մը այսպէսով մասնաճիւղ մը հաստատած կ՚ըլլայ Երեւանի մէջ։ «Radisson Blu Hotel Yerevan»ի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացման ժամանակ մասնաւորապէս շեշտադրուեցաւ նաեւ անոր բացօթեայ ճաշարանը, որ կը կոչուի «ԱտԱսթրա» (թարգմանաբար՝ դէպի աստղերը)։ Ճաշարանը ի վիճակի է սպասարկելու 250 հոգիի եւ ունի սքանչելի տեսարան մը դէպի Արարատ։
Պանդոկի վաճառքներու եւ մարքեթինկի բաժնի տնօրէն Մարիամ Ստամբոլցեան լրագրողներուն յայտնեց, թէ պանդոկը ունի 142 սենեակ։ 19 սենեակ բարձրակարգ է եւ այդ շարքին երկուքը արքայական եւ նախագահական սենեակներն են։ Երկու սենեակ ալ նախատեսուած է տեղաշարժման դժուարութիւններով անձերու համար։ Համալիրը կ՚ընդգրկէ 6 հանդիպման սրահ։ Այդ շարքին մեծագոյնն է ամփիթատրոնի ձեւաչափով դահլիճը, որու տարողութիւնը կը հասնի 200 հոգիի։ Սքանչելի պարտէզ մը ունի պանդոկը, որու համալիրին մաս կը կազմէ նաեւ 25 մեթր երկարութեամբ աւազան մը։
Բացման հանդիսութեան ընթացքին խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը հատեցին Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարքարեան եւ Ճորճ Միու։ Նախագահ Սարգսեան աւելի վերջ շրջայց մը կատարեց Երեւանի բարձրակարգ հիւրանոցներու շարքը համալրած «Radisson Blu Hotel Yerevan»ին մէջ, ծանօթացաւ կատարուած աշխատանքներուն ու ներդրումներուն, ստեղծուած աշխատատեղիներուն եւ առաջարկուած ծառայութիւններու որակին։