ԳԱԳԱԹԻ ՎՐԱՅ ՇՓՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախընթաց օր (11 յուլիս 2022թ.) ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ նոր հարթութիւն մը կը բնորոշէ այս հեռախօսազրոյցը՝ մասնաւորապէս բնականոնացման գործընթացին առումով։ Արդարեւ, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու իրերայաջորդ չորս բանակցութիւններուն ի շարունակութիւն տեղի ունեցած է գագաթի վրայ կազմակերպուած այս շփումը։ Այժմ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ ստեղծուած մթնոլորտը յոյս կը ներշնչէ անբաղդատելիօրէն՝ մասնաւորապէս յատուկ ներկայացուցիչներու վերջին հանդիպման արդիւնքով հրապարակուած համաձայնութիւններու լոյսին տակ։ Արդարեւ, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ 1 յուլիս 2022 թուականի դրութեամբ համաձայնութիւն գոյացած էր, որպէսզի ցամաքային սահմանը բացուի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար եւ երկու երկիրներուն միջեւ սկսի օդային բեռնափոխադրութիւնը։ Էրտողան-Փաշինեան հեռախօսազրոյցը ամուր երաշխիք մը կը նկատուի թէ՛ այս պայմանաւորուածութիւնը կեանքի կոչելու եւ թէ ապագային նոր ձեռքբերումներ ապահովելու տեսակէտէ։ Հարկ է նշել, որ Էրտողան Փաշինեանի հետ հեռախօսազրոյց ունենալէ վերջ զրուցած է նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն մէջ որեւէ ակնարկութիւն չկայ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին կամ Հարաւային Կովկասին։

Պեշթեփէի եւ Հայաստանի կառավարութեան աղբիւրները շատ զուսպ հրապարակումներ ըրած են այս հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ՝ առանց զրոյցի բովանդակային մանրամասնութիւններուն մէջ խորանալու։ Բնականաբար, ներկայ իրավիճակի եւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու առանձնայատկութիւններուն առումով այսպիսի շփումի մը տեղի ունենալը ինքնին նշանակութիւն ունի, ուստի, պաշտօնական աղբիւրներու հրապարակումներու զուսպ ըլլալը ունի իր տրամաբանութիւնը։

Երկու մայրաքաղաքներէն հաղորդուեցաւ, որ Փաշինեան Էրտողանը շնորհաւորած է «Քուրպան»ի տօնին առթիւ։ Էրտողանն ալ, իր կարգին, Փաշինեանը շնորհաւորած է մօտալուտ Վարդավառի տօնի կապակցութեամբ։ Երկու ղեկավարները ընդգծած են Թուրքիա-Հայաստան երկկողմանի բնականոնացման գործընթացին կարեւորութիւնը, ինչ որ կը նպաստէ նաեւ տարածա-շըրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման։ Բաց աստի, այս համատեսքին մէջ անոնք արտայայտած են իրենց ակնկալութիւնները, որպէսզի փութով կեանքի կոչուին այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են յատուկ ներկայացուցիչներու յուլիսի 1-ի հանդիպման ժամանակ։

Երեւանի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքեր այս հեռախօսազրոյցին անմիջապէս արձագանգեցին զանազան յայտարարութիւններով։ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Հանրային հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին մէջ յոյս յայտնեց, թէ Փաշինեան-Էրտողան հեռախօսազրոյցէն վերջ յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի հանդիպումները արդէն տեղի կ՚ունենան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ։ Ծանօթ է, որ թրքական կողմը վաղուց կողմնակից էր, որ յատուկ ներկայացուցիչներու շփումները տեղի ունենան ուղղակիօրէն Անգարայի եւ Երեւանի մէջ, առանց հիւրընկալ երկիրներու՝ քանի այս գործընթացը ունի երկկողմանի բնոյթ եւ կը վարուին ուղղակի բանակցութիւններ։

Նկատի ունենալով, որ Թուրքիա Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու գծով իր քայլերը կը համակարգէ Ատրպէյճանի հետ, հարցազրոյցի ընթացքին Արմէն Գրիգորեանի կարծիքը շօշափուած է այս ուղղութեամբ։ Ուստի, ան ըսած է հետեւեալը. «Մենք կը քննարկենք՝ որպէս երկկողմանի յարաբերութիւն։ Մեր մօտեցումը այն է, որ Հայաստան-Թուրքիան առանձին հարց է։ Հիմա նախապատրաստական մեծ ծաւալի աշխատանք կատարուած է։ Կը յուսանք, թէ պայմանաւորուածութիւնները շատ կարճ ժամանակի մէջ հնարաւոր կ՚ըլլայ կեանքի կոչել։ Կը յուսանք, թէ յարաբերութիւններու կարգաւորման ամբողջին մէջ կը կարողանանք սահմանը բանալ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար»։

Իր կարգին, Ռուբէն Ռուբինեանն ալ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին ժամանակ ըսաւ. «Չկան ազդանշաններ պնդելու համար, որ այսօր երեկոյեան Հայաստան-Թուրքիա սահմանը պիտի բացուի»։ Ռուբէն Ռուբինեան ընդգծած է թրքական կողմի քաղաքական կամքի նշանակութիւնը։ Ան համոզուած է, թէ յատուկ ներկայացուցիչներու միջեւ գոյացած պայմանաւորուածութիւնները մեծապէս կը նպաստեն վստահութեան ամրապնդման։ Այլապէս, ընդհակառակն, վստահութիւնը շատ կը խաթարուի։ Իր խօսքով՝ նման բարդ գործընթացներէ ներս ամենակարեւոր բաներէն մին է առաջին պայմանաւորուածութիւններու արագօրէն իրականացումը։

Վարչապետ Փաշինեանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էտմոն Մարուքեանն ալ հեռախօսազրոյցը չափազանց կարեւոր քայլ համարեց հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ներս։ Ընկերային ցանցերու վրայ գրառում մը կատարելով ան յիշեցուց, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարներուն միջեւ վերջին ուղիղ շփումը շուրջ տասն տարի առաջ տեղի ունեցած էր։ «Պէտք է գիտակցիլ, որ Թուրքիոյ հետ շարունակաբար փակ սահմաններ եւ զերօ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունենալը մեզ որեւէ տեղ պիտի չտանի՝ յատկապէս հաշուի առնելով նաեւ վերջին պատերազմի իրողութիւնները։ Կարեւոր է, որ երկխօսութիւնը շարունակուի եւ իր յաջորդ հանգրուանը ունենայ՝ սահմաններու բացման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման տեսքով։ Հայաստանի փրօաքթիւ դիւանագիտութիւնը կը շարունակուի», նշած է Էտմոն Մարուքեան։

ՍԱՀՄԱՆԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿ

Միւս կողմէ, «Անատոլու» գործակալութիւնը երէկ մանրամասնութիւններ հաղորդեց Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ Հայաստանի եւ Վրաստանի հետ սահմաններուն վրայ կատարուած հերթապահութեան մասին։ Այսպէս, «Սահմանային արծիւներ»ը սահմաններուն վրայ վճռական պայքար կը մղեն ապօրինի գաղթի, մաքսանենգութիւններու եւ ահաբեկչութեան դէմ։ Այդ ամբողջ աշխատանքը բնակլիմայական բարդ պայմաններու ներքեւ կը կատարուի։

Հաղորդման մէջ մատնանշուած է, որ սահմանապահ զօրքերը շուրջօրեայ հակակշռի տակ կը պահեն սահմանները՝ անհրաժեշտ արդիական բոլոր սարքաւորումներով զինուած ձեւով։ Անոնք կ՚օգտագործեն անօդաչու թռչող սարքեր, բարդ տարածքներէ ներս յառաջանալու ընդունակութեամբ զրահապատ մեքենաներ եւ այլն։ Վրաստանէն եւ Հայաստանէն դէպի Թուրքիա անցակէտերուն վրայ բանակը կ՚ապահովէ անվտանգութիւնը եւ չի թոյլատրեր, որ ապօրինի ձեւով հատուին սահմանները։

Հարկ է յիշեցնել, որ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար բացման ուղղութեամբ գոյացած համաձայնութիւնը վերջին օրերուն հայկական վերլուծական զանազան կեդրոններու կողմէ ընկալուած էր որոշ մտահոգութեամբ՝ հաշուի առնելով, որ Թուրքիոյ մէջ մեծ թիւով օտարահպատակներ կը գտնուին՝ մասնաւորապէս Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը անմիջապէս արձագանգեց Էրտողան-Փաշինեան հեռախօսազրոյցին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան մամլոյ ծառայութիւնը այս կապակցութեամբ պատասխանեց «Ամերիկայի ձայն»ի հարցման։ «ԱՄՆ վճռականօրէն կ՚աջակցի հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչ որ դրականօրէն կ՚անդրադառնայ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ։ Հայ-թրքական երկխօսութիւնը ներուժ ունի մեծացնելու տարածաշրջանային կայունութիւնը, զսպելու վնասակար ազդեցութիւնը եւ յանգեցնելու աւելի մեծ տնտեսական զարգացման, ինչ որ շահաւէտ է բոլորին համար։ Սա յատկապէս կարեւոր է այսօր՝ հաշուի առնելով Ռուսաստանի պատերազմը Ուքրայնայի հետ, ԱՄՆ պատրաստ է աջակցիլ այս կարեւոր երկխօսութեան, այնպէս, ինչպէս երկու կողմերը պատշաճ կը համարեն», նշուած է ամերիկեան դիւանագիտութեան վերաբերմունքին կապակցութեամբ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 13, 2022