ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Կիրակոս Գույումճեան վերջերս հրատարակեց արաբերէնով գիրք մը, որ կը կրէ «Իմ երթս երկաթին հետ» խորագիրը։ Շահեկան այս գործին շնորհանդէսը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, «Քոնկրէս» պանդոկի «Փիքասօ» սրահի երդիքին տակ։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայաստանի Գրողներու միութեան հովանաւորութեամբ։

Կիրակոս Գույումճեան, որ կ՚ապրի Քուէյթի մէջ, հրապարակագրութեան գետնի վրայ կը ծաւալէ բեղուն աշխատանք։ Ան ո՛չ միայն հայերէնով, այլեւ արաբերէնով կ՚արտադրէ, ինչ որ եզակի երանգ մը կը վերագրէ իր գործունէութեան։ Որպէս հեղինակ՝ իր տարած աշխատանքը նոր որակ ստացած է այս արաբերէն գիրքի հրատարակութեամբ։

Երեւանի շնորհանդէսին ընթացքին Կիրակոս Գույումճեան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ իր համակիրներուն կողմէ։ Գինեձօնէն վերջ ան իր գիրքերը մակագրեց ընթերցասէրներուն համար։

Մանրամասնութիւնները՝ վաղուան թիւով։

Հինգշաբթի, Յուլիս 13, 2023