ՀԲԸՄ-Ի ԿՈՂՄԷ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ

Սփիւռքահայ պատմաբան փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի մահուան արձագանգները կը շարունակուին։ Երէկ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) ցաւակցական մը հրապարակեց այս կորուստին կապակցութեամբ։ «Արդի հայ գիտական շրջանակներէն ներս շատ չեն այն անունները, որոնք ամենատարբեր ոլորտներէ ներս գործունէութիւն ծաւալած հայերու մօտ՝ ամերիկահայ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի չափ հեղինակութիւն, սէր ու յարգանք կը վայելեն», նշուած է ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնին կողմէ հրապարակուած վշտակցութեան մէջ։ Այսպէս, ՀԲԸՄ մաս կը կազմէ այն բազմաթիւ հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու շարքին, որոնք Ռիչըրտ Յովհաննիսեանը կը համարեն հայագիտութեան ասպարէզի ոգեշնչող ձայնը, որովհետեւ ան օրինակ կը ծառայէ գիտնականներու նոր սերունդներու համար, որոնք իրենց արքասաւոր գործունէութիւնով պիտի դառնան հայոց պատմութեան իրական գիտակներ։ Յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ ՀԲԸՄ խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ Յովհաննիսեաններու ընտանիքին։

Վշտակցութեան յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս մէջբերուած են նաեւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի յայտարարութիւնները. «Իր բոլոր գիրքերէն, դասախօսութիւններէն, մրցանակներէն ու նուաճումներէն զատ՝ ականաւոր գիտնական Յովհաննիսեան բացառիկ անկեղծ անձնաւորութիւն մըն էր, որ իր գաղափարները յառաջ կը մղէր քաջօրէն, խոր համոզումով ու ոգեւորութեամբ։ Սա իր իսկ կողմէ սահմանուած նշաձող մըն է, որովհետեւ հայոց պատմութեան նոր էջերը տակաւին պէտք է տարեգրուին, վերլուծուին ու ներկայացուին աշխարհին»։

Հինգշաբթի, Յուլիս 13, 2023