ՅՍՏԱԿ ՎԵՐՋՆԱԳԻՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ ըստ համաձայնութեան՝ ռուս խաղաղապահները մինչեւ 2025 թուականը մնան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Վիլնիուսի մէջ տեղի ունեցած ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի աւարտին կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Էրտողան պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն, որոնցմէ մին կը վերաբերէր՝ Ղարաբաղի մէջ ռուս զինուորներու ներկայութեան վերաբերեալ իր մտածումներուն։ Նախագահը ի պատասխան ըսաւ. «Ինչպէս գիտէք, ըստ այստեղի համաձայնութեան, Ռուսաստան մինչեւ 2025-ը կը մնայ այդ ճշդուած տեղերուն մէջ։ Իսկ 2025 թուականին Ռուսաստան պէտք է լքէ այդ տեղանքը, համաձայնութիւնը այսպէս է։ Ես ալ կը հաւատամ, թէ Ռուսաստան հաւատարիմ պիտի մնայ այս համաձայնութեան։ Ան աւելցուց, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մօտէն կը հետեւի այս նիւթին։

Էրտողանի այս յայտարարութիւնը Անգարայի կողմէ յստակ վերջնագիր մը կը համարուի Մոսկուային։ Այս յայտարարութեան վայրն ու ժամկէտն ալ չափազանց ուշագրաւ է։ Արդարեւ, Էրտողան այս մասին յայտնած է Վիլնիուսի մէջ, ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովէն վերջ՝ մանաւանդ, որ միջազգային բեմահարթակին վրայ Թուրքիոյ կողմնորոշման սլաքները վերստին դէպի Արեւմուտք թեքման ազդանշաններ կու տան՝ ինչ որ յաւելեալ երանգներ կը ստեղծէ Ռուսաստանի հետ ցարդ յառաջ տարուած սերտ համագործակցութեան տեսակէտէ։ Ի դէպ, օրակարգի վրայ է Էրտողանի եւ իր ռուս պաշտօնակցին՝ Վլատիմիր Փութինի նոր ժամադրութիւնը։

Հարաւային Կովկասի մէջ ծանրակշիռ դերակատարութիւն ստանձնած Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի թանտեմը թէեւ ցարդ կ՚աշխատի 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով պայմանաւորուած մթնոլորտի մէջ, սակայն Արեւմուտքի հետաքրքրութիւններն ալ չեն դադրիր։ Սա մէկ կողմէ ազդեցութեան պայքարներու խնդիր է, սակայն միւս կողմէ Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած պատկերը կու գայ ապացուցանել, որ Ռուսաստան ի վիճակի չէ իր կշիռը տեւականացնելու տարածաշրջանէն ներս։ Արդարեւ, Էրտողան երէկ յիշեցուցած է 2020 թուականի նոյեմբերի հրադադարի եռակողմանի համաձայնութիւնը եւ անկէ բխած Ռուսաստանի պարտականութիւնները՝ յոյս յայտնելով, թէ ռուսական կողմը հաւատարիմ կը մնայ։ Իսկ Հայաստան երկար ժամանակէ ի վեր ահազանգ կը հնչեցնէ, որ Ռուսաստան կը թերանայ այդ համաձայնութիւնով ստանձնած պարտաւորութիւններուն մէջ՝ մանաւանդ, որ իր խաղաղապահներու բացարձակ անգործութեան պայմաններուն ներքեւ Ատրպէյճան ամբողջութեամբ պաշարած է Արցախը, որ մաս կը կազմէ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին։ Հայկական կողմը յամառօրէն կ՚ակնկալէ, որ Ռուսաստան իրականացնէ այդ գործառոյթները։

Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած։ Ատրպէյճան կը շարունակէ յարձակումները Արցախի եւ Հայաստանի վրայ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութիւնով՝ ահազանգ հնչեցնելով, որ սովի վտանգ կը սպառնայ պաշարեալ Արցախին։ Նոյնպէս երէկ երկու երկիրներու սահմանին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովին 4-րդ նիստը՝ փոխ-վարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի գլխաւորութեամբ։

Իր կարգին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Պլինքըն, որ նախընթաց օր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ զրուցած էր, Ալիեւի հետ հեռախօսային տեսակցութեան ընթացքին քննարկեց Երեւան-Պաքու բանակցութիւններուն ընթացքը։ Ան կարեւորեց բանակցութիւններու մէջ փոխադարձ զիջումներու նշանակութիւնը եւ կանգ առաւ Լաչինի միջանցքով անխափան անցման, տարանցումներուն վրայ։ Հեռախօսազրոյցին զուգահեռ, ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթհիու Միլլըրն ալ յայտարարեց, որ կարգաւորման հարցին մէջ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ճկունութիւնը։ Ըստ իրեն, Պլինքըն նշած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար կարեւոր է պահպանել դրական թափը երկարաժամկէտ ու արժանապատիւ խաղաղութեան ուղղեալ բանակցութիւններուն մէջ։ Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանութիւնն ալ յայտարարեց, որ Լաչինի միջանցքով ազատ ու բաց տարանցումը պէտք է անյապաղ վերականգնուի։

Այս բոլորը կը նախորդեն Նիկոլ Փաշինեան-Իլհամ Ալիեւ հերթական հանդիպման, որ այս շաբաթավերջին՝ յուլիսի 15-ին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 13, 2023