ՆՈՐ ՄԵԿՆԱՐԿԻ ՍՊԱՍՈՒՄ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան աւարտեց դէպի Վիլնիուս ուղեւորութիւնը։ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին մասնակցելու առընթեր ան ունեցաւ բազմաթիւ երկկողմանի հանդիպումներ։ Ուղեւորութեան վերջին օրը Էրտողան մէկտեղուեցաւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի, Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի, Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռութէի, Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզի եւ Ալպանիոյ վարչապետ Էտի Ռամայի հետ։
Այս ամբողջին մէջ առաւել ուշագրաւ դարձաւ Էրտողան-Միցոթաքիս տեսակցութիւնը՝ քանի Անգարա-Աթէնք առանցքին վրայ կուտակուած խնդիրներու մթնոլորտին մէջ շուրջ մէկուկէս տարիէ ի վեր բարձր մակարդակի շփում մը տեղի չէր ունեցած։ Կը հաղորդուի, որ Էրտողան եւ Միցոթաքիս Վիլնիուսի մէջ համակարծիք գտնուած են, որպէսզի Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ ապահովուի նոր սկիզբ մը։