ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ՆՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿ ՄԸ՝ ԿԱՐԷՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն խտա­ցեալ ձե­ւով կը շա­րու­նա­կեն հրա­դա­դա­րը խախ­տել Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ։ Ե­րե­ւա­նի եւ Ստե­փա­նա­կեր­տի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ օ­րուան սկիզ­բին ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցան հա­մա­պա­տաս­խան լու­րե­րու, ո­րոնց ան­մի­ջա­պէս յա­ջոր­դեց նոր նա­հա­տա­կի մը գոյ­ժը։ Այս­պէս, Ատր­պէյ­ճա­նի դի­պու­կա­հար­նե­րուն կող­մէ բա­ցուած կրա­կին թի­րա­խը դար­ձաւ Հա­յաս­տա­նի բա­նա­կէն շար­քա­յին Կա­րէն Յով­հան­նի­սեան։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­ներն ալ տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ դէպ­քը տե­ղի ու­նե­ցած է ե­րէկ, ժա­մը 12.30-ի սահ­ման­նե­րուն։ Կա­րէն Յով­հան­նի­սեան, որ նա­հա­տա­կուե­ցաւ Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ, ար­դէն միայն հինգ ա­միս վերջ պի­տի զօ­րաց­րուէր։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Հա­յաս­տա­նի Քննչա­կան կո­մի­տէն քրէա­կան գործ յա­րու­ցած է այս դէպ­քին կա­պակ­ցու­թեամբ, բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը պար­զե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2015