ՀԲԸՄ-Ի 28-ՐԴ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԸ՝ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թիւ­նը (ՀԲԸՄ) այս տա­րի 28-րդ ան­գամ Նիւ Եոր­քի մէջ կազ­մա­կեր­պեց ամ­րան ե­րի­տա­սար­դա­կան ծրա­գիր մը։ Աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէն քսան­չորս ե­րի­տա­սարդ­ներ մաս­նակ­ցե­ցան այս ծրագ­րին։ Ա­նոնք թէ՛ հայ­կա­կան եւ թէ մի­ջազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէ ներս ջա­նա­ցին զար­գաց­նել ի­րենց ար­հես­տա­վարժ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը, նաեւ մաս­նակ­ցե­ցան ըն­կե­րա­յին գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու։ Դի­ւա­նա­գի­տա­կա­նէ սկսեալ մին­չեւ բժշկա­կան՝ զա­նա­զան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մէջ շփում­նե­րով ըն­թա­ցաւ ա­նոնց ծրա­գի­րը, որ բնա­կա­նա­բար կ՚ընդգր­կէր նաեւ հա­մալ­սա­րան­ներ եւ այլ կա­ռոյց­ներ։ Ա­նոնք մէկ­տե­ղուե­ցան նաեւ ՀԲԸՄ-ի ե­րի­տա­սարդ ար­հես­տա­վարժ­նե­րուն հետ՝ հե­տաքրքրա­կան զրոյ­ցի մը մթնո­լոր­տին մէջ։

Նիւ Եոր­քի եւ շրջա­կայ­քին մէջ ի­րա­կա­նա­ցուած այս ծրա­գի­րը ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռեց ա­պա­գա­յի վե­րա­բե­րեալ ի­րենց ե­ռանդն ու ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը բաժ­նել ի­րա­րու հետ եւ հա­ղորդ դառ­նալ աշ­խար­հի այս մե­ծա­գոյն քա­ղաք­նե­րէն մէ­կուն մի­ջա­վայ­րին, նաեւ այդ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն լոյ­սին տակ վե­րա­ձե­ւա­ւո­րե­լու ի­րենց սպա­սում­ներն ու մտադ­րու­թիւն­նե­րը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2015