10 ՏԱՐԻ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԻՒՆ

Ե­րէկ, Կիւմ­րիի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ՝ տա­րե­մու­տին քա­ղա­քի բնա­կիչ­նե­րէն Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քի եօթ ան­դամ­նե­րը դա­ժա­նօ­րէն սպան­նած ռուս զի­նուոր Վա­լե­րի Փեր­մեա­քո­վի դա­տա­վա­րու­թիւ­նը։ Կիւմ­րիի մէջ տե­ղա­կայուած ռու­սա­կան ռազ­մա­խա­րիս­խի այս զի­նուո­րա­կա­նին գոր­ծած ա­հա­ւոր ոճ­րա­գոր­ծու­թիւ­նը ա­միս­նե­րէ ի վեր ա­ռար­կայ է հան­րա­յին կար­ծի­քի հե­տաքրք­րու­թեան եւ այս մթնո­լոր­տին մէջ ի­րա­կա­նա­ցուե­ցաւ ե­րէ­կուան դա­տա­վա­րու­թիւ­նը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ վե­րո­յի­շեալ ռազ­մա­խա­րիս­խէն ներս։ Այս առ­թիւ Ռու­սաս­տա­նի Հիւ­սի­սա­յին Կով­կա­սի զօ­րա­խում­բի հին­գե­րորդ կա­յա­զօ­րա­յին զի­նուո­րա­կան ա­տեա­նը գու­մա­րեց ար­տագ­նայ նիստ մը՝ դա­տա­ւոր Ա­լեք­սանտր Շել­տաե­ւի նա­խա­գա­հու­թեամբ։ Փեր­մեա­քով դա­տուե­ցաւ դա­սալ­քու­թեան, զէն­քի յափշ­տակ­ման եւ ա­պօ­րի­նի զէնք կրե­լու մե­ղադ­րանք­նե­րով։ Վա­լե­րի Փեր­մեա­քո­վի դա­տա­վա­րու­թիւ­նը տե­ւեց միայն մէկ օր։ Ար­դիւն­քին դա­տա­րա­նը ար­ձա­կեց վճի­ռը, ո­րու հի­ման վրայ ան դա­տա­պար­տուե­ցաւ տա­սը տա­րուան բան­տար­կու­թեան։ Իր վեր­ջին խօս­քին մէջ Փեր­մեա­քով կ՚ըն­դու­նի իր մեղ­քը ու պատ­րաստ է կրե­լու ա­մէն տե­սակ պա­տիժ։ Դա­տա­կազ­մը տասը օ­րուան ժամ­կէտ մը սահ­մա­նեց Վա­լե­րի Փեր­մեա­քո­վի դէմ ար­ձակուած վճռի բո­ղո­քարկ­ման հա­մար։

Հարկ է նշել, որ ե­րէ­կուան նիս­տը Վա­լե­րի Փեր­մեա­քո­վի դա­տա­վա­րու­թեան միայն մէկ հանգրուանն էր։ Ռու­սա­կան պատ­կան մար­մին­նե­րը այս փու­լին զին­քը դա­տե­ցին լոկ զի­նուո­րա­կան կար­գա­պա­հու­թեան հան­գա­մանք­նե­րուն լոյ­սին տակ։ Յա­ռա­ջի­կա­յին Վա­լե­րի Փեր­մեա­քով պի­տի դա­տուի նաեւ այս գոր­ծի քրէա­կան, ոճ­րա­գոր­ծա­կան հան­գա­մանք­նե­րուն լոյ­սին տակ՝ այս ան­գամ Հա­յաս­տա­նի պատ­կան դա­տա­կան մար­մին­նե­րուն կող­մէ։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, զո­հուած Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու հա­րա­զատ­նե­րը ե­րէ­կուան դա­տավ­ճի­ռը հա­մա­րե­ցին բնա­կա­նոն։ «news.am» կայ­քէջն ալ նոյն կա­պակ­ցու­թեամբ տե­ղե­կա­ցուց, թէ յա­մե­նայն­դէպս Ա­ւե­տի­սեան­նե­րը չեն ստա­ցած ի­րենց գլխա­ւոր հար­ցին պա­տաս­խա­նը։ Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու հա­րա­զատ­նե­րուն կաս­կա­ծը այն է, որ դէպ­քի օ­րը Փեր­մեա­քով չէ ե­ղած ա­ռան­ձին։ Բայց եւ այն­պէս, ե­րէ­կուան դա­տա­վա­րու­թիւ­նը չէ նպաս­տած հա­մա­պա­տաս­խան կաս­կած­նե­րու փա­րատ­ման։ Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու հա­րա­զատ­նե­րը չեն հա­ւա­տար, որ Փեր­մեա­քով այդ ոճ­րա­գոր­ծու­թեան ժա­մա­նակ ե­ղած է ա­ռան­ձին։ Դա­տե­լով դէպ­քին հա­սած ան­հա­ւա­տա­լի հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րէն՝ ա­նոնք հա­մո­զուած են, թէ անհ­նար է ա­ռան­ձին ի­րա­կա­նաց­նել նման ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն մը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 13, 2015