ՅԱՐԱՏԵՒ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը կը մնայ առկայ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները այս առաւօտ դարձեալ հաղորդեցին՝ երկրի սահմաններուն դէմ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ կատարուած նոր յարձակումներու եւ ոտնձգութիւններու մասին։ Այս բոլորը կը զուգադիպին ճիշդ տարի մը առաջ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ կատարուած յարձակման տարելիցին։ Արդարեւ, անցեալ տարի Հայաստան ենթարկուած էր Ատրպէյճանի լայնածաւալ յարձակման։ Այս առաւօտ, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երեսփոխանները վայրկեան մը յարգանքի լռութիւն պահեցին այդ յարձակման ընթացքին նահատակուած զինուորներուն յիշատակը յարգելու համար։

Մինչ այդ, Երեւանի ղեկավարութիւնը միջազգային զանազան հարթակներու վրայ կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել՝ Պաքուի արկածախնդրութիւններուն դէմ։ Այսպէս, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահէ Գէորգեան երէկ Վիեննայի մէջ մասնակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդի յատուկ նիստին։ Հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ժողովին ընթացքին փոխ-նախարարը հանդէս եկաւ նաեւ ելոյթով մը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վահէ Գէորգեան Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց՝ Ատրպէյճանի կողմէ 9 ամիսէ ի վեր Լաչինի միջանցքի ապօրինի ձեւով փակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղէ ներս վատթարացած մարդասիրական կացութեան եւ ահագնացած տագնապին վրայ։ Ան ընդգծեց նաեւ, որ Հայաստանի հետ սահմանին ու Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գծի երկայնքին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ՝ անվտանգային իրավիճակի լարման ուղղեալ գործողութիւններ կը կատարուին։ Վահէ Գէորգեան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ պարտադրուած՝ Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար հայ բնակչութեան անմարդկային շրջափակումն ու մարդասիրական մատակարարման ամբողջական դադրեցումը ուղղուած է նաեւ ենթակառուցուածքներու՝ ելեկտրականութեան ու կազի մատակարարման դիտաւորեալ խափանման։ Այս բոլորը ծայրայեղ մարդասիրական տագնապի մը պատճառ դարձած է՝ մինչ Ատրպէյճան կը հետապնդէ Լեռնային Ղարաբաղը ամբողջութեամբ էթնիք զտման ենթարկելու նպատակը։ «Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը՝ հայերու դէմ տասնամեակներէ ի վեր շարունակուած ատելութեան հրահրման, ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառման քաղաքականութեան, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ մարդու իրաւանց կոպիտ խախտումներու աւելի լայն պատկերի եւ էութեան մէկ մասն է», ըսաւ փոխ-նախարարը եւ աւելցուց, որ այս բոլորին մէջ կան նշաններ, որոնք ցեղասպանութեան մտադրութեան շուրջ կը նախազգուշացնեն։

Վահէ Գէորգեան ժողովի ընթացքին դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճան պէտք է ականջալուր ըլլայ միջազգային հանրութեան կոչերուն ու անվերապահօրէն հնազանդի արդարադատութեան միջազգային ատեանի 23 փետրուար 2023 թուականին արձակած եւ յուլիսի 6-ին ալ վերահաստատած վճռին՝ դադրեցնելով Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակումն ու ապահովելով Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ անձերու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անխափան տեղաշարժը երկու ուղղութիւններով։

Անդրադառնալով տարածաշրջանէն ներս անվտանգային իրավիճակին՝ Վահէ Գէորգեան դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի հետ սահմանին ու Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գծին երկայնքով՝ անձնակազմի, յարձակողական սպառազինութեան ու ռազմական ինքնաշարժներու կուտակումներն ու տեղաշարժերը։ Ըստ իրեն, այս գործողութիւնները ոչ այլ ինչ են՝ քան ուժի սպառնալիք, ինչ որ կը վկայէ, թէ Ատրպէյճան կը պատրաստուի Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ նոր ռազմական բռնութեան։ «Մինչ Հայաստան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Ատրպէյճանի հետ բացառապէս քաղաքական ու դիւանագիտական միջոցներով անլոյծ բոլոր խնդիրները կարգաւորելու յանձնառութեան, մենք կ՚ակնկալենք, որ միջազգային հանրութիւնն ու մեր գործընկերները ձեռնարկեն բոլոր ջանքերը եւ կիրառեն իրենց համար հասանելի բոլոր միջոցները՝ կանխելու համար մեր տարածաշրջանէն ներս հերթական բռնութիւնը», շարունակեց փոխ-նախարարը։

ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդի նիստին ընթացքին Վահէ Գէորգեան վերահաստատեց Երեւանի յանձնառութիւնը՝ տարածաշրջանէն ներս կայունութեան ու տեւական խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ՝ ընդգծելով, որ սա հնարաւոր է կեանքի կոչել միայն ուժի կամ ուժի սպառնալիքի եւ մարդու հիմնարար իրաւունքներու զանգուածային խախտումներու բացառման պարագային։ Ան ելոյթին տեւողութեան ընդգծեց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման համար յատուկ միջազգային ջանքերու, նաեւ Ստեփանակերտ-Պաքու երկխօսութեան ամուր միջազգային դրութեան մը անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ թոյլ պիտի տայ շօշափելի արդիւնքներ ապահովելու այս գործընթացէն ներս։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2023