ՓԱՇԻՆԵԱՆԷՆ ՎԵՐՋ ՓՈՒԹԻՆ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը որոշուած է Հայաստանին իսկ կողմէ։

Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ վերջին շրջանին լեզուակռիւի սեմին հասած սուր բանավէճի պայմաններուն ներքեւ, երէկ, Վլատիմիր Փութին հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն եւ Հարաւային Կովկասի իրադրութեան անդրադարձաւ՝ բաւական ուշագրաւ մեկնաբանութիւններով։ Սա, միեւնոյն ժամանակ, Մոսկուայէն Երեւանին ամենաբարձր մակարդակի վրայ հասցէագրուած պատգամ մըն էր։ Ռուսաստանի հեռաւոր արեւելքին՝ Վլատիվոսթոք քաղաքին մէջ կազմակերպուած Արեւելեան տնտեսական ֆորումին ծիրէն ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ Փութին ըսաւ. «Եթէ Հայաստան Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մաս ճանչցած է, վե՛րջ, ալ ինչի՞ մասին է խօսքը։ Սա է ամբողջ խնդրի առանցքային բաղադրիչը։ Ղարաբաղի կարգավիճակը Հայաստանն իսկ որոշած է։ Սա է խնդիրը։ Հիմա Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ինձ կ՚ըսէ. «Դուք գիտէք չէ՞, որ Հայաստանը Ղարաբաղը ճանչցած է մերը եւ Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը այլեւս չկայ»։ Սա լուծուած է եւ Հայաստանի ղեկավարութիւնը այս մասին հրապարակաւ յայտարարած է՝ մինչ 1991 թուականը գոյութիւն ունեցող ամբողջ տարածքը համարելով Խորհրդային Ատրպէյճանի շրջանակին մէջ եւ յայտարարելով թիւ, որուն մէջ ներառուած է նաեւ բուն Ղարաբաղի տարածքը։ Սա արդէն իրողութիւն է։ Չէ՞ որ սա մեր որոշումը չէ, սա Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ ղեկավարութեան որոշումն է»։

Այսպէսով Փութին պատասխանեց նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որ միջոցէ մը ի վեր հետեւողականօրէն քննադատական նետեր կ՚ուղղէր Ռուսաստանին՝ ներառեալ Փութինի ելոյթին նախորդած երեկոն։ Իրականութեան մէջ, Փութին կրկնեց ռուսական կողմի ներկայացուցիչներուն հնչեցուցած վերջին տեսակէտներն ու հիմնաւորումները, սակայն, իր մակարդակով այդ բոլորին վերահաստատուած ըլլալը կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ։ Ռուս ղեկավարը երէկուան ելոյթին ժամանակ նշեց նաեւ հետեւեալը. «Ռուսաստան Հայաստանի հետ խնդիր մը չունի, երկրի ղեկավարութիւնը մշտական կապի մէջ է Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ։ Մենք Հայաստանի հետ խնդիրներ չունինք, Փաշինեանի հետ ալ խնդիրներ չկան, մենք անընդհատ կապի մէջ ենք իրեն հետ»։ Ան աւելցուց, որ նամակ մըն ալ ստացած է Փաշինեանի կողմէ։

Մեկնաբանելով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի ընթացքը՝ Փութին երէկ նշեց. «Մենք կ՚առաջարկէինք Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման մեր տարբերակները։ Թաքցնելու ոչինչ կայ, կը կարծեմ՝ սա լաւ մը յայտնի է։ Հայաստանը հայ-ատրպէյճանական հակամարտութենէն յետոյ կը վերահսկէր եօթ շրջանը։ Մենք կ՚առաջարկէինք Ատրպէյճանի հետ այնպէս պայմանաւորուիլ, որ երկու շրջան՝ Քելպաճարն ու Լաչինը, ամբողջ Ղարաբաղը փաստացի մնային Հայաստանի օրէնսդրութեան ներքեւ։ Սակայն, Հայաստանի ղեկավարութիւնը չհամաձայնեցաւ՝ հակառակ, որ մենք 10-15 տարիէ ի վեր փորձած ենք համոզել Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը։ Զանազան տարբերակներ կային, բայց վերջնական արդիւնքը այդպէս իսկ պէտք է ըլլար։ Մեր հարցումին առ այն, թէ ի՞նչ պիտի ընէք, անոնք կը պատասխանէին՝ պիտի կռուինք։ Ի վերջոյ ամէն ինչ յանգեցուց այսօր ստեղծուած իրավիճակին։ Բայց հարցը միայն վերջին հակամարտութեան արդիւնքը չէ։ Հարցը նաեւ այն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը փաստացի ճանչցած է Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը Ղարաբաղի նկատմամբ եւ Փրակի յայտարարութեան մէջ թուղթով ամրագրած է այս բանը»։

Ի շարունակութիւն, Փութին խօսեցաւ նաեւ առկայ թէժ օրակարգին շուրջ. «Այն պարագային, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւնները Լեռնային Ղարաբաղը ճանչցած են Ատրպէյճանի մաս, կը յառաջանան մարդասիրական, ինչպէս նաեւ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման լիազօրութեան վերաբերեալ հարցեր։ Այո, լիազօրութիւնը տակաւին կը գործէ, իսկ մարդասիրական բնոյթով, այնտեղ էթնիք զտումներու թոյլ չտալու հարցերը, ի հարկէ, որեւէ տեղ չեն անհետացած։ Եւ ես այդ բոլորին հետ միանգամայն համակարծիք եմ։ Կը յուսամ, թէ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը, ինչպէս մեզի միշտ ըսած է եւ հիմա ալ կ՚ըսէ, հետաքրքրուած չէ որեւէ էթնիք զտում ընելով, ընդհակառակն, հետաքրքրուած է, որ գործընթացը փափուկ ընթանայ»։

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Փութինի երէկուան ելոյթէն վերջ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ նոյն ֆորումի շրջանակներէն ներս հարցազրոյց մը տալով յայտնեց. «Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը ճանչցած է Ատրպէյճանի իրաւունքները Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ։ Հայաստանի ժողովուրդին որոշելիքն է՝ ինչպէ՞ս արձագանգէ այս բանին»։ Իր խօսքով՝ Ռուսաստան Հայաստանի թշնամին չէ եւ երբեք չ՚ըլլար։ Մարիա Զախարովա շարունակեց. «Ռուսաստանը չէր, որ ճանչցաւ Ատրպէյճանի իրաւունքները Լեռնային Ղարաբաղի պարագային, սա ըրաւ Հայաստանի ղեկավարութիւնը։ Իրենց՝ Հայաստանի ժողովուրդի որոշելիքն է, թէ ինչպէ՞ս արձագանգէ այս բանին։ Բայց պէտք չէ Երեւանի մէջ առնուած որոշումներուն մեղքն ու պատասխանատուութիւնը բարդել Մոսկուայի վրայ։ Ռուսաստանի մէջ թշնամի փնտռելու կարիք չկայ։ Ռուսաստան երբեք Հայաստանի թշնամին չէ եղած ու չ՚ըլլար։ Սա երբեք չ՚ըլլար»։

Զախարովա անդրադարձաւ նաեւ Մոսկուայի կոշտ արձագանգին՝ ռուսական կողմի վերաբերեալ Երեւանի կտրուկ յայտարարութիւններուն։ Իր բանաձեւումով, այս բոլորը պայմանաւորուած են հասկացութիւններու փոխարինմամբ։ «Մենք նոյնիսկ այդքան ուշադրութիւն չէինք դարձներ անձնական բնոյթով ոճին ու վիրաւորական բառերուն կամ այն կոպտութեան, որ կար։ Մենք ուշադրութիւն չէինք ցուցաբերեր այդ բոլորին նկատմամբ։ Մեր ուշադրութեան առարկան դարձաւ, որ անոնք հիմնուած էին կեղծիքի, անճշդութեան կամ փաստերը փոխարինելու փորձերուն վրայ։ Այս իսկ բանը պատճառ դարձաւ մեր արձագանգին, եւ այս պատճառով ալ դեսպանը կանչուեցաւ Արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Եթէ ռուսական կողմը արձագանգէ իրեն ուղղեալ ամենօրեայ կոպիտ կոչերուն, ապա այլեւս հնարաւոր չ՚ըլլար աշխատիլ՝ այլ միայն բողոքի վերջնագրեր կը գրուին։ Երկրորդ, մեր ոճը չէ արձագանգել այս կոպտութեան։ Սա պարզապէս մեր մեթոտը չէ։ Մենք այս ամենօրեայ վէճէն վեր ենք, բացառութեամբ այն իրավիճակներուն, երբ խօսքը կը վերաբերի հիմնարար նշանակութեամբ հասկացութիւններու փոխարինման», դիտել տուաւ Մարիա Զախարովա։

Հուսկ, բանբերը մատնանշեց, որ մեղաւոր գտնելու գայթակղութիւնը վտանգաւոր է, որովհետեւ որեւէ արդիւնք չի տար կամ սխալ մը կը պատահի։ «Որովհետեւ սա կրնայ աղէտալի հետեւանքներու պատճառ դառնալ, սա վտանգաւոր է Հայաստանի համար», եզրափակեց ան։

ԼԱՒՐՈՎ. «ՄԵԶ ՄԵՂԱԴՐԵԼԷ ԱՌԱՋ ՊԷՏՔ Է ՍԵՓԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԳՆԱՀԱՏԵԼ»

Մոսկուայի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքեր վերջին օրերուն իրերայաջորդ հանդէս եկան Երեւանին ուղղուած յայտարարութիւններով։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ իրականութեան չեն համապատասխաներ Հայաստանի պաշտօնեաներուն յայտարարութիւնները, ըստ որոնց Լեռնային Ղարաբաղը Ռուսաստանի կողմէ յանձնուած է Ատրպէյճանին։ «Աւելի անճիշդ ու անազնիւ յայտարարութիւն դժուար է պատկերացնել։ Փութին, Փաշինեան եւ Ալիեւ 2020 թուականի նոյեմբերին ստորագրեցին առաջին եռակողմանի պայմանաւորուածութիւնները։ Ընդհանրապէս, անոնց մէջ ոչինչ ըսուած է Ղարաբաղի կարգավիճակի մասին։ Այն ժամանակ երեք առաջնորդներու մեկնակէտն ալ այն էր, որ տակաւին բանակցութիւններ պիտի ըլլային այդ կարգավիճակին շուրջ։ Բայց աւելի ուշ Փրակի մէջ Ատրպէյճանի նախագահն ու Հայաստանի վարչապետը ստորագրեցին յայտարարութիւն մը, որով անոնք ճանչցան Ալմա-Աթայի 1991 թուականի հռչակագիրը։ Այսպէսով հարցերը փակուեցան։ Պարզապէս, այս կերպով Հայաստանի վարչապետը ստորագրեց փաստաթուղթ մը, ըստ որու՝ այդ ժամանակուան Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը կը գտնուի Ատրպէյճանի կազմին մէջ։ Պէտք չէ մեզ մեղադրել 2020 թուականի նոյեմբերին Ղարաբաղը տալու համար, պէտք է սեփական ժողովուրդին առջեւ ինքնուրոյն պատասխան տալ», նշեց Լաւրով։

Բաց աստի, նախարարը շեշտեց, որ Հայաստանի մէջ շատ են քաղաքական գործիչները, որոնք բաւական ամբարտաւան յայտարարութիւններ կ՚ընեն Ռուսաստանի հասցէին։ «Մենք այս բանը կը տեսնենք եւ սա երէկ չէ, որ սկսած է։ Բայց կը յիշենք նաեւ, որ երբ պր. Փաշինեան տակաւին իշխանութենէն դուրս քաղաքական գործիչ մըն էր եւ հայ ժողովուրդը ոտքի կը հանէր՝ իր կարգախօսներէն մին էր ՀԱՊԿ-էն եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութենէն դուրս գալը։ Շատերը սա կը պայմանաւորէին պարզապէս նախընտրական քարոզարշաւով եւ ձայներու համար պայքարով։ Յետագային պր. Փաշինեան նման միտքեր չարտայայտեց՝ ներառեալ 2021 թուականին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովին ժամանակ, ուր նախարարներու մակարդակով մենք համաձայնեցուցինք ՀԱՊԿ-ի առաքելութեան լիազօրութիւնը Հայաստանի՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանին։ Ամէն ինչ հաւանութեան արժանացած էր, սակայն, առաւօտեան մեր հայ գործընկերները որոշեցին յետաձգել այս նիւթը։ Մեզ որեւէ բանի համար մեղադրելէ առաջ պէտք է սեփական գործողութիւնները գնահատել», ըսաւ Լաւրով։

Ռուս նախարարը խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ համատեղ զօրավարժութիւններուն մասին։ Լաւրով նշեց, որ այդ ռազմափորձերը տարօրինակ են։ Արդարեւ, արդէն երկու տարիէ ի վեր Հայաստան չի մասնակցիր ՀԱՊԿ-ի զօրավարժութիւններուն՝ այն բացատրութիւնով, որ ՀԱՊԿ չէ դատապարտած Ատրպէյճանը եւ եթէ դատապարտած ըլլար, Հայաստան կ՚աշխատէր անոնց հետ։ «Իսկ երբ մենք կը հարցնենք, թէ ինչո՞ւ կը շփուին ամերիկացիներուն, եւրոպացիներուն հետ, որոնք եւս չեն դատապարտած Ատրպէյճանը, ապա կը պատասխանեն. «Անոնք մեր դաշնակիցները չեն, դուք պէտք է դատապարտէք»։ Բաւականին տարօրինակ, պարզունակ տրամաբանութիւն մը», շարունակեց Լաւրով եւ աւելցուց, որ հայ-ամերիկեան զօրավարժութիւնները ռուսական կողմին մօտ ափսոսանք կը յառաջացնեն։ «Ի հարկէ, որեւէ լաւ բան չկայ այնտեղ։ ՆԱԹՕ-ի ակրեսիւ երկիրը կը փորձէ ներթափանցել Անդրկովկաս։ Ես չեմ կարծեր, թէ սա լաւ է ոեւէ մէկուն՝ ներառեալ Հայաստանի համար։ Մենք կ՚ափսոսանք Հայաստանի ղեկավարութեան գործողութիւններուն համար։ Մոսկուա կը յուսայ, թէ Երեւանի հետ դաշնակցային բոլոր պարտաւորութիւնները կը գերակայեն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ, Ռուսաստան կը գնահատէ այդ յարաբերութիւնները», շեշտեց Լաւրով։ 

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2023