ՓՐՈՏԻԻՆ ԿՈՉՈՒՄ

Երեւանի Պետական համալսարանէն (ԵՊՀ) ներս երէկ մեծարուեցաւ Իտալիոյ նախկին վարչապետ, Եւրոյանձնաժողովի նախկին նախագահ Ռոմանօ Փրոտի, որուն պատուակալ տոքթորի կոչում շնորհուեցաւ։ Համապատասխան վկայականը իրեն յանձնուեցաւ համալսարանի վերատեսուչ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի կողմէ։ ԵՊՀ-ի գիտական խորհուրդի նիստերու դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցած մեծարանքի արարողութենէն վերջ, Ռոմանօ Փրոտի հանդէս եկաւ «Բարդ աշխարհակարգ» խորագրեալ դասախօսութիւնով մը։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանն ալ օրուան տեւողութեան ընդունեց Ռոմանօ Փրոտին։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2023