ՅԱՋՈՂ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ ընդունեց Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութին զրոյցի ընթացքին ընդգծեց, որ Մոսկուա-Փեքին յարաբերութիւնները բոլոր ուղղութիւններով կը զարգանան բաւական յաջող։ Ռուս ղեկավարը այս հանգամանքի ապացոյցը համարեց միջազգային գետնի վրայ երկու երկիրներու ծաւալած համակարգեալ աշխատանքը։ Փութին մատնանշեց, որ հոկտեմբերին Քազանի մէջ նախատեսուած ՊՐԻՔՍ-ի գագաթաժողովի ընթացքին կը պատրաստուի Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկի հետ ալ քննարկել համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները։
Տեսակցութեան ներկայ էր նաեւ Ռուսաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու։
Միւս կողմէ, Փութին տեսակցեցաւ նաեւ Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Ահմատիանի հետ։ Փութին համոզուած է, թէ Ռուսաստան եւ Իրան համագործակցութեան համար ունին շատ կարեւոր եւ հետաքրքրական նիւթեր։ Իր խօսքով՝ ռուսական կողմը վճռակամ է այդ բոլոր ուղղութիւններով յառաջ ընթանալու։