ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԱՄՈՒՏ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աւարտեց դէպի Սթոքհոլմ աշխատանքային այցելութիւնը, որու եզրափակիչ փուլին տեսակցեցաւ Շուէտի Եւրոմիութեան հարցերով նախարար Եսիքա Ռոզենքրանցի եւ խորհրդարանի նախագահ Անտրէաս Նորլէնի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան Շուէտի խորհրդարանէն ներս ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի հիմնական իրադարձութիւնները։ Նախարարը եւ խորհրդարանականները շօշափեցին նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան ընթացքը։ Աւելի լայն աշխարհագրութեամբ տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան խթանման համատեսքին մէջ Արարատ Միրզոյեան կանգ առաւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի կարեւորութեան վրայ՝ որպէս տնտեսական զարգացման, հետեւաբար, նաեւ կայունութեան ապահովման գրաւականը։
Արարատ Միրզոյեան Եսիքա Ռոզենքրանցի հետ ալ կարծիքի փոխանակումներ ունեցաւ տարածաշրջանային անվտանգային օրակարգին շուրջ։