ԱՍՏԱՆԱՅԻ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՈՎ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍՈՒԻ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԵՒ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԸ

Սուրիոյ տագնապի քաղաքական կարգաւորման ուղղեալ Աստանայի հերթական բանակցութիւններու աւարտին յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան՝ Թուրքիան, Ռուսաստանը եւ Իրանը, որոնք գործընթացի երաշխաւոր երկիրները կը հանդիսանան։ Համատեղ ամփոփիչ յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ երաշխաւորները կարեւորութիւն կ՚ընծայեն Անգարա-Դամասկոս յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերուն եւ շփումներու վերսկսման նկատմամբ։ Վերջին բանակցութիւններու լոյսին տակ կողմերը ընդգծեցին՝ փոխադարձ յարգանքի, բարի կամքի եւ բարիդրացիութեան հիման վրայ Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու վերականգնման ուղղեալ ջանքերը շարունակելու կարեւորութիւնը՝ նպատակ ունենալով պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ։ Նոյն ամբողջին մէջ մատնանշուած է սուրիացի գաղթականներու անվտանգ, կամաւոր եւ արժանապատիւ վերադարձին համար պատշաճ պայմաններու ստեղծումը՝ ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի մասնակցութեամբ։ Աւելին, յայտարարութեան մէջ կը խօսուի քաղաքական գործընթացի աշխուժացման մասին՝ ապահովելով բոլոր սուրիացիներու համար առանց խոչընդոտի մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրումը։

«Վերահաստատեցինք Թուրքիա-Սուրիա շփումներու վերականգնման կարեւորութիւնը՝ երկու երկիրներու միասնականութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ սկզբունքներու խստիւ պահպանման հիման վրայ», նշուած է համատեղ յայտարարութեան մէջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2024