ԿՈՒԹԵՐԵՍ Կ՚ԸՆԴԳԾԷ ԵՐԵՔ ԷԱԿԱՆ ՊԱՐԱԳԱՅ
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտնեց, որ ներկայիս կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարը կ՚ընթանայ երեք հիմնական ուղղութեամբ։ Պաքուի մէջ կազմակերպուած COP29 գագաթաժողովին ան բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղեց, որպէսզի կեդրոնանան այդ երեք առաջնահերթութիւններուն վրայ, որոնք կը վերաբերին կլիմայի փոփոխութեան։ Ընդհանուր քարտուղարին խօսքով՝ ջերմոցային կազերու արտանետումներու կրճատումը, կլիմայի տագնապի հետեւանքներէն մարդկութեան պաշտպանութիւնն ու գանձատրումը այժմ դարձած են առաջնահերթ։ Կութերես շեշտեց, որ կլիմայի գանձատրումը բարեգործութիւն չէ, այլ ներդրում մըն է, իսկ կլիմայական գործողութիւնները ոչ թէ ընտրութիւն են, այլ հրամայական։ Ի շարունակութիւն, ան կանգ առաւ վերականգնեալ ուժանիւթի աղբիւրներու զարգացման ի նպաստ ներդրումներու կարեւորութեան վրայ։
«Անցեալ տարի առաջին անգամ վերականգնեալ ուժանիւթի աղբիւրներու ոլորտէն ներս ներդրումներու ծաւալը գերազանցած է հանածոյ վառելիքի բնագաւառէն ներս ներդրումները։ Գրեթէ ամէնուր արեւային եւ հողմային ուժանիւթը կը դառնան նոր ելեկտրական ուժանիւթի այժմէական աղբիւրները», ըսաւ Կութերես։
Բաց աստի, ընդհանուր քարտուղարը շեշտեց, որ զարգացած երկիրները պէտք է կարողանան մինչեւ 2025 թուականը համապատասխանեցման գանձատրումը կրկնապատկել՝ հասցնելով մինչեւ առնուազն 40 միլիառ տոլարի։ Ան բացատրեց, որ հաշուի պէտք է առնուի պարտաւորութիւնները իսկական գումարի վերածելու անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ գանձատրման առաջնահերթութեան անխուսափելի բաղադրիչն է։