ՀԱՔԱՆ ՖԻՏԱՆԻ ԵՒ ԱՄԻՐ ԱՊՏՈՒԼԼԱՀԻԱՆԻ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑԸ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի եւ տարածաշրջանային բնոյթով շարք մը հարցեր։ Նախարարները մասնաւորապէս կանգ առին Կազզէի մէջ եւ Յորդանան գետի Արեւմտեան ափին նկատուած իրադարձութիւններուն վրայ։

Ֆիտան եւ Ապտուլլահիան ընդգծեցին, որ բանակցութիւններն ու դիւանագիտական ջանքերը պէտք է շարունակուին տարածաշրջանային ու միջազգային մակարդակներու վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ Իսրայէլը ստիպել հրադադարի հաստատման եւ Կազզէի վրայ յարձակումները դադրեցնելու։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2023