ՀԱՄԱՏԵՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան խորհուրդի հինգերորդ նիստը, որու աւարտին համատեղ յայտարարութիւն մը հրապարակուեցաւ։ Բանակցութիւնները գլխաւորեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ ԵՄ-ի անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորէլ, որոնք ունեցան նաեւ առանձնազրոյց մը եւ սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։ Կողմերու համատեղ յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ ԵՄ-ի յանձնառութիւնը՝ ըլլալ Հայաստանի կողքին զանազան ուղղութիւններով։

Ասուլիսի ընթացքին Պորէլ նշեց, որ Պրիւքսէլ կը վերահաստատէ պաշտպանութեան ոլորտէն ներս Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը ընդլայնելու յանձնառութիւնը։

Միրզոյեան եւ Պորէլ անդրադարձան նաեւ Ատրպէյճանի վերջին սահմանային յարձակման, որ չորս զոհ խլեց հայկական կողմէն։

Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացին մէջ նոր սահման մը պէտք չէ ստեղծուի։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2024