ԱՄՈՒՐ ՔԱՋԱԼԵՐԱՆՔ

Երեւան-Պաքու հաշտութեան որոնումները թէեւ բաւական բարդ հունի մը մէջ կ՚ընթանան, սակայն տարածաշրջանային կամ միջազգային բոլոր դերակատարները այս շրջանին կը շարունակեն ամուր քաջալերանք արտայայտել հարեւան երկիրներու ջանքերուն ի նպաստ։ Երէկ, արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էօնճիւ Քեչելի յայտնեց, որ Անգարա Ուաշինկթընին տեղեկացուցած է, թէ կը խրախուսէ Երեւան-Պաքու հաշտութեան բանակցութիւններու գործընթացը։ Արդարեւ, այս խնդիրը արծարծուած է Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ վերջին բարձր մակարդակի բանակցութիւններու ընթացքին, որոնք տեղի ունեցան գլխաւորութեամբ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի եւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի։

Մինչ այդ, Պլինքընի Հարաւային Կովկասի բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական Լուիս Պոնօ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի, անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի կողմէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեան եւ Պոնօ քննարկեցին Հարաւային Կովկասէ ներս անվտանգային իրավիճակին վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք անդրադարձան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին՝ ներառեալ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ քննարկումները։ Միրզոյեան զրուցակցին ներկայացուց վերջին իրադարձութիւնները՝ ընդգծելով Հայաստանի դիրքորոշումը առանցքային հարցերու շուրջ։ Ան մասնաւորապէս շեշտեց 1991 թուականի Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիման վրայ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման նկատմամբ հաւատարմութեան եւ սահմանազատման ապագայ գործընթացը այդ հռչակագրի, ամուր իրաւական հիմքերով քարտէսներու հիման վրայ իրականացնելու կարեւորութիւնը։ Տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման համատեսքին մէջ Միրզոյեան վերահաստատեց գործընթացը արդէն յայտնի սկզբունքներու՝ ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան հիման վրայ կեանքի կոչելու հարցին մէջ Երեւանի հետեւողական մօտեցումը։ Արարատ Միրզոյեան եւ Լուիս Պոնօ կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Հայաստան-ԱՄՆ երկկողմանի քաղաքական երկխօսութեան օրակարգի, ապագայ միջոցառումներու եւ գործընկերութեան զարգացման հարցերուն շուրջ։

Մհեր Գրիգորեան Լուիս Պոնոյին հետ քննարկեց տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները։ Իր կարգին, Արմէն Գրիգորեանն ալ Լուիս Պոնոյի հետ կարծիքներ փոխանակեց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցային գործընթացին շուրջ։ Զրուցակիցները քննարկեցին հայ-ամերիկեան գործընկերութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Ռուբէն Ռուբինեան-Լուիս Պոնօ տեսակցութեան ընթացքին ալ կարծիքներ փոխանակուեցան Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ Նշուեցաւ, որ կողմերը քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ հարցեր։ Ռուբէն Ռուբինեան Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչն է։ Ան վերջերս Արարատ Միրզոյեանին հետ մասնակցած էր Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին, որու շրջանակներէն ներս ունեցած էր շարք մը հանդիպումներ։ Լուիս Պոնոյի երէկուան բոլոր հանդիպումներուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Քրիստինա Քվին։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ

Մինչ այդ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ յայտնեց, որ Պաքու կ՚աջակցի տարածաշրջանային խաղաղութեան օրակարգին։ «Խաղաղութեան օրակարգի հիմք հանդիսացող հիմնարար սկզբունքներն ու խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծը նոյնպէս պատրաստուած ու ներկայացուած են Ատրպէյճանի իսկ կողմէ։ Մեր երկիրը աշխուժօրէն կ՚աջակցի Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան օրակարգին», յայտնեց Իլհամ Ալիեւ։

ՄՈՍԿՈՒԱ ԿԸ ՍԱՍՏԿԱՆԱՅ

Միւս կողմէ, Մոսկուա-Երեւան առանցքի անհաղորդ վիճակն ալ հետզհետէ աւելի սաստիկ դրսեւորումներ կ՚ունենայ։ Ռուսաստանի ղեկավարութեան ներկայացուցիչները արդէն հետզհետէ կը խստացնեն իրենց ոճը՝ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ բարձրաձայնուած անհանգստութիւններուն փոխարէն։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ Մոսկուա տեղեակ է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց երկիրը կրնայ դուրս գալ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ)։ «Ի հարկէ, մենք լսած ենք այս յայտարարութիւնները։ Յառաջիկային, բնականաբար, շատ աշխատանքի կը սպասուի։ Մեզ անհրաժեշտ են շփումներ մեր հայ գործընկերներուն հետ թէ՛ ՀԱՊԿ-ի շրջանակներէն ներս եւ թէ երկկողմանի մակարդակի վրայ։ Կը պարզաբանենք ու կը խօսինք պարոն վարչապետի յայտարարութիւններուն համահունչ», ըսաւ Փեսքով եւ աւելցուց, որ ռուսական կողմը կը շարունակէ կապերը Երեւանի հետ եւ կը պարզաբանէ իրավիճակը ՀԱՊԿ-ի՝ Հայաստանի շարունակական անդամակցութեան հարցին մէջ։

Իր կարգին, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ նշեց, որ Մոսկուա անհանգստացած է ՀԱՊԿ-ի նիւթով Երեւանի ղեկավարութեան ապակառուցողական ու վերջնագրային, իսկ երբեմն ալ վիրաւորական յայտարարութիւններէն, ինչ որ այսօր կը պարտադրուի հայ հասարակութեան։

Ի տարբերութիւն Փեսքովի՝ Զախարովա աւելի համարձակ եւ յանդուգն արտայայտութիւններ ունեցաւ Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ կուտակուած տարակարծութիւններուն շուրջ։ Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանէն ռուս սահմանապահներու դուրսբերման ուղղեալ հայկական կողմի նախաձեռնութեան կապակցութեամբ ան ըսաւ. «Երեւան ռուս սահմանապահներու դուրսբերման մասին Մոսկուային պաշտօնապէս տեղեկացուցած է բացառապէս միջգերատեսչական խողովակներով։ «Զուարթնոց» օդակայանէն ռուս սահմանապահներու դուրսբերման նախաձեռնութիւնը չի նպաստեր Հայաստանի անվտանգութեան ամրապնդման»։

Բաց աստի, Զախարովա անդրադարձաւ նաեւ Երեւան-Փարիզ՝ անվտանգութեան ոլորտի վերջին շրջանին հետզհետէ խորացող համագործակցութեան։ Հայկական կողմը Ֆրանսայի հետ այս որոնումները կը բացատրէ՝ իր արտաքին ու անվտանգային քաղաքականութիւնը տեսակաւորելու շրջանակին մէջ։ Իսկ ռուսական կողմը համոզուած է, թէ Արեւմուտքը կը ջանայ Երեւանը գործիք դարձնել՝ իր հակառուս քաղաքականութեան։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Մարիա Զախարովա երէկ ըսաւ.

«Երեւանի մէջ՝ թեքուելով դէպի Ֆրանսա եւ ռազմավարական համագործակցութիւն ծաւալելով Փարիզի հետ, չեն գիտակցիր ո՛չ իրենց այսպէս կոչուած հովանաւորներու իրական մտադրութիւնները, ո՛չ ալ տարածաշրջանէն ներս ֆրանսական ռազմական ներկայութեան ընդլայնման ռիսքերը։ Միամտութիւն է կարծել, թէ Ֆրանսա պատրաստ է կամ ի վիճակի է ապահովել Հայաստանի անվտանգութիւնը։ Եթէ Ֆրանսա ի վիճակի ըլլար այդ բանը ընել, կ՚ընէր այն տարածաշրջաններէն ներս, ուր պայմանագրային պարտաւորութիւններ ստանձնած էր եւ ատոր համար գումար կը ստանար՝ Ափրիկէի մայր ցամաքին մէջ»։

Մարիա Զախարովա երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ ընդգծեց, որ Երեւանի գործողութիւնները կրնան անդրադառնալ նաեւ Հայաստանի ընկերատնտեսական զարգացումներու հեռանկարներուն վրայ։ «Քաղաքական այս ընթացքի շարունակութիւնը, որդեգրուած Երեւանի կողմէ, ի վերջոյ կրնայ անդառնալի վնաս հասցնել Ռուսաստանի հետ դաշնակցային կապերուն, լուրջ վտանգներ ստեղծել Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ վերջնականապէս խարխլել երկրի անվտանգութեան ապահովման գործօն դրութիւնները», համոզուած է Զախարովա։

Հինգշաբթի, Մարտ 14, 2024