ԽՏԱՑԵԱԼ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի մեկնիլ Պաղտատ։ Վերջին անգամ ան տասներկու տարի առաջ այցելած էր Իրաք։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, մօտալուտ այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ մինչեւ յառաջիկայ ապրիլի վերջը։ Այսպէսով, Թուրքիա-Իրաք առանցքի վերջին շրջանի աշխուժութիւնը մինչեւ յաջորդ ամսավերջ պիտի հասնի գագաթնակէտին։ Անգարա եւ Պաղտատ միջոցէ մը ի վեր խտացեալ շփումներու մէջ են եւ այս հանգամանքի դրսեւորումներու շարքին կը հանդիսանան բարձր մակարդակի այցելութիւնները։
Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ահմէտ Եըլտըզ երէկ յայտնեց, որ Էրտողանի այցելութեան նախապատրաստութեան նպատակով Թուրքիոյ եւ Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւններու ներկայացուցիչները այս օրերուն քննարկումներ կը ծաւալեն։
Դիւանագիտական աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Էրտողանի շփումներուն ընթացքին մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնայ «Զարգացման ուղի» ծրագիրը։ Այս վերջինը մօտէն կը շահագրգռէ թէ՛ Թուրքիան եւ թէ Իրաքը, որովհետեւ կ՚ենթադրէ նրբանցքներու եւ զարգացման ուղիներու նոր հաղորդակցութիւններ։ Փոխկապակցուածութեան յաւելեալ միջոցները երկու երկիրներու փոխադարձ շահերուն եւ տարածաշրջանի հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն։ Թուրքիոյ եւ Իրաքի ներգրաւուածութեամբ այս նախագծերը կ՚առընչուին նաեւ Եւրոպայի՝ մասնաւորապէս Թուրքիոյ մերձակայ Պալքանեան շրջանի երկիրներուն հետ։ Այդ գօտիներուն միջեւ թէ՛ յաւելեալ հաղորդակցութեան միջոցներ կը ծրագրուին եւ թէ այս նոր կապերը կրնան խթանել տնտեսական նոր աշխուժութիւն մը։ Թուրքիոյ եւ Իրաքի վրայով կառուցուելիք նոր «Զարգացման ուղի»ն բոլոր առումներով ունի մեծ կարիքներ դիմագրաւելու ներուժը։ «Թուրքիան մեծ տնտեսութիւն մըն է եւ Եւրոպային հարեւան է։ Իրաքն ալ մեծ տնտեսութիւն մըն էր եւ առաջ Աստուած դարձեալ այդպէս պիտի ըլլայ։ Երկու երկիրներն ալ պատրաստակամ են եւ այս ծրագրի կեանքի կոչման պարագային պիտի ապահովուին օգուտներ, որոնք անբաղդատելի են անհրաժեշտ ներդրումներուն հետ», «Անատոլու» գործակալութեան տեղեկացուցին դիւանագիտական աղբիւրները։
Թուրքիա-Իրաք օրակարգին վրայ վերջին շրջանին ընդգծեալ ձեւով ուշադրութեան առարկայ են նաեւ անվտանգային խնդիրները։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան վերջերս տեղեկացուցած էր, որ այս ամառ Իրաքի հիւսիսային հատուածներէն ներս Թուրքիա նոր ու լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու պիտի ձեռնարկէ՝ հաւանական ահաբեկաստանի մը ստեղծումը կանխելու նպատակով։ Մօտաւոր անցեալին ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր, ՄԻԹ-ի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ իրերայաջորդ այցելութիւններ տուած էին Իրաք՝ հիւրընկալուելով թէ՛ Պաղտատի կեդրոնական իշխանութիւններուն եւ թէ Էրպիլի տեղական ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերուն կողմէ։ Ի շարունակութիւն այս այցելութիւններուն, ներկայիս նախագահ Էրտողան Իրաքի ճանապարհը պիտի բռնէ։ Արդէն ենթադրելի է, որ բանակցութիւններու ընթացքին ամենաբարձր մակարդակի վրայ պիտի արծարծուին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ խնդիրները։ Երկու հարեւան երկիրները իրարու առաջնահերթութիւններուն համապատասխան դիրքորոշումները մօտեցնելու փորձ պիտի ընեն՝ մինչ Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր Իրաքի ղեկավարութենէն ազդու գործողութիւններ կ՚ակնկալէ ահաբեկչութեան դէմ։
Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էօնճիւ Քեչելի երէկ Անգարայի մէջ յայտնեց, որ Թուրքիա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նկատառման յստակօրէն յայտնած է՝ ՓՔՔ-ԵՓԿ եւ ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու վերաբերեալ ակնկալութիւնները։ «Մենք նշած ենք, որ դաշնակից երկրի մը կողմէ՝ մեր երկրի անվտանգութիւնը թիրախաւորած ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութիւնը բացարձակապէս անընդունելի է», նշեց բանբերը։
Տեղական մամուլն ալ արդէն այսօր կ՚անդրադառնայ Էրտողանի մօտալուտ այցելութեան։ Թերթերը կը գրեն, որ Անգարա Պաղտատին պիտի առաջարկէ ՓՔՔ-ն միասնաբար մաքրագործել։ Մինչ այդ, ազգային պաշտպանութեան նախարար Կիւլէր երէկ այցելեց սահմանամերձ գօտիներ։ Այսօր ալ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր, ՄԻԹ-ի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն եւ ներքին գործոց փոխ-նախարար Միւնիր Քարալօղլու կ՚ուղեւորուին Պաղտատ, ուր շփումներ կ՚ունենան Իրաքի իրենց երկխօսներուն հետ։ Դիւանագիտական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ բանակցութիւններու օրակարգին վրայ կը գտնուին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, ընդհանուր անվտանգութեան եւ ռազմական համագործակցութեան վերաբերեալ խնդիրներ։