ԱՆԳԼԻԱՅԷՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Անգ­լիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Ե­րե­ւա­նի մօտ նշա­նա­կեց նոր դես­պան մը. յան­ձինն՝ Ճու­տիթ Ֆար­նո­յօրդի։ Այ­ժմու դես­պան Քեթ­րին Լի­չի փո­խա­րէն ան պաշ­տօ­նի պի­տի ձեռ­նար­կէ յա­ռա­ջի­կայ Սեպ­տեմ­բե­րին։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ճու­տիթ Ֆար­նո­յօրդ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց այս նշա­նակ­ման կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ըստ ի­րեն, մեծ ա­ռա­ւե­լու­թիւն մըն է ծա­ռա­յել երկ­րի մը մէջ, որ ու­նի հա­րուստ պատ­մու­թիւն եւ մշա­կոյթ։ Ան դի­տել տուաւ, թէ իր դի­ւա­նա­գի­տա­կան ծա­ռա­յու­թեան ըն­թաց­քին պի­տի աշ­խա­տի Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հետ՝ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հե­տա­գայ ամ­րապնդ­ման հա­մար։

Ճու­տիթ Ֆար­նո­յօրդ մաս­նա­գի­տա­ցած է յետ Սո­վե­տա­կան եւ Կեդ­րո­նա­կան Եւ­րո­պա­յի եր­կիր­նե­րուն վրայ։ Ներ­կա­յիս ան որ­պէս դես­պան կը պաշ­տօ­նա­վա­րէ Խրղը­զիս­տա­նի մօտ։ Նա­խա­պէս ան դի­ւա­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տանք տա­րած է նաեւ Ուք­րայ­նոյ, Չե­խիոյ եւ Լաթ­վիոյ մէջ։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015