ԲԱՆԱԿՑԻԼ ԱՒԵԼԻ ԱՇԽՈՅԺ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ դես­պան Ճէյմս Ո­ւոր­լիք «Ա­մե­րի­կա­յի ձայն»ին հար­ցազ­րոյց մը տա­լով մեկ­նա­բա­նեց վեր­ջերս Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ ու­նե­ցած հանդիպման ար­դիւնք­նե­րը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը այս առ­թիւ մատ­նան­շեց, թէ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րը կը փա­փա­քին ա­ւելց­նել հան­դի­պում­նե­րու յա­ճա­խա­կա­նու­թիւ­նը եւ բա­նակ­ցիլ աւելի աշխոյժ։  Ըստ ի­րեն, նա­խա­գահ­նե­րու հա­ւա­նա­կան հան­դիպ­ման թուա­կա­նը տա­կա­ւին չէ ո­րո­շուած, սա­կայն այժմ միջ­նորդ­նե­րը հնա­­րա­ւո­րու­թիւն կը փնտռեն նման երկ­խօ­սու­թեան մը կազ­մա­կերպ­ման հա­մար։ Ճէյմս Ո­ւոր­լի­քի խօս­քե­րով միջ­նորդ­նե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ այդ­պի­սի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու շրջա­նակ­նե­րու նա­խա­պատ­րաստ­ման մէջ։ «Մենք շու­տով տա­րած­քաշր­ջան պի­տի այ­ցե­լենք նա­խա­գահ­նե­րու տե­սակ­ցու­թիւ­նը նա­խա­պատ­րաս­տե­լու նպա­տա­կով», յայտ­­նեց Ո­ւոր­լիք։

Սարգ­սեա­նի հետ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ար­դիւնք­նե­րը դրա­կան գնա­հա­տե­լով՝ Ո­ւոր­լիք նշեց, թէ իր տպա­ւո­րու­թեամբ, հա­կա­մարտ բո­լոր կող­մե­րը կը փա­փա­քին հաս­նիլ խնդրի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման։ «Ես կը հա­ւա­տամ, որ թէ՛ նա­խա­գահ Սարգ­սեան եւ թէ նա­խա­գահ Ա­լիեւ կը փա­փա­քին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցաւ լու­ծում մը գտնել այս հա­կա­մար­տու­թեան, որ կը շա­րու­նա­կուի չա­փա­զանց եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր եւ չա­փէն ա­ւե­լի մար­դու կեանք խլած է։ Մենք կը փա­փա­քինք այս բո­լո­րին վերջ դնել», ը­սաւ ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գա­հը, ըստ ո­րու դէ­պի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան նա­խա­տե­սուած ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին միջ­նորդ­նե­րը կրնան հան­դի­պիլ նաեւ Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ։

Միջ­նորդ­նե­րու հերթ­ա­կան այ­ցե­լու­թեան եւ նա­խա­գահ­նե­րու մի­ջեւ նոր հան­դիպ­ման մը հա­ւա­նա­կա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ այս յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը զու­գա­դի­պե­ցան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ հաս­տա­տուած հրա­դա­դա­րի 21-րդ տա­րե­դար­ձին։

Այս մթնո­լոր­տին մէջ, Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեանն ալ յայ­տա­րա­րեց, որ սպա­ռա­զի­նու­թեան ա­ռու­մով եր­կի­րը կը պահ­պա­նէ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը։ Դէ­պի Տա­ւու­շի մարզ կա­տա­րած աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Սէյ­րան Օ­հա­նեան նշեց, թէ հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րը կը հե­տե­ւին այն գոր­ծըն­թաց­նե­րուն, ո­րոնք տե­ղի կ՚ու­նե­նան հա­րե­ւան պե­տու­թիւն­նե­րու մէջ, մաս­նա­ւո­րա­պէս սպա­ռա­զի­նու­թեան ձեռք բեր­ման ա­ռըն­չու­թեամբ։ Հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րը սպա­ռա­զի­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­նա­լու զու­գա­հեռ կը փոր­ձեն հա­մա­պա­տաս­խան աշ­խա­տան­քով պա­հել հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը։ «Այ­սօր զի­նեալ ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան եւ նոր սպա­ռա­զի­նու­թեան ու ռազ­մա­կան սար­քա­ւո­րում­նե­րու ա­պա­հով­ման, բա­րո­յա­հո­գե­բա­նա­կան մա­կար­դա­կի եւ ո­րա­կա­կան պատ­րաս­տուա­ծու­թեան շնոր­հիւ կը պահ­պա­նուի ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը», ը­սաւ Օ­հա­նեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ռու­սաս­տա­նէն սպա­ռա­զի­նու­թեան գնման հար­ցը բնա­կա­նա­բար կը մտա­հո­գէ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը։ Բայց եւ այն­պէս, սահ­մա­նի վրայ կանգ­նած հայ զի­նուո­րը գի­տէ, թէ ա­մէն տե­սակ սպա­ռա­զի­նու­թեան օգ­տա­գործ­ման պա­րա­գա­յին ի վի­ճա­կի է հա­կա­հա­րուած տա­լու։

«Ռու­սա­կան զէն­քի յայտ­նուի­լը Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ, ի հար­կէ, մե­զ կը մտա­հո­գէ։ Սա իւ­րա­քան­չիւր ինք­նիշ­խան պե­տու­թեան խնդիրն է։ Կը կար­ծեմ, որ Ռու­սաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը այս բո­լո­րով հան­դերձ վե­րահս­կե­լի վի­ճա­կի մէջ կը պա­հէ մեր տա­րած­քաշր­ջանն ու հա­րե­ւան­նե­րը, մա­նա­ւանդ որ Հա­յաս­տան-Ռու­սաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բարձր մա­կար­դա­կի վրայ են յատ­կա­պէս ռազ­մա­թէք­նիկ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռու­մով։ Սահ­մա­նի վրայ կանգ­նած ոե­ւէ զի­նուոր չու­նի հո­գե­բա­նա­կան ընկ­ճուա­ծու­թիւն» ը­սաւ ան։

Ըստ Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի, Ատր­պէյ­ճան թիզ մը ան­գամ չէ կրցած յա­ռաջ տա­նիլ շփման գի­ծը։ Հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րու ա­ռօ­րեան ու ռազ­մա­դաս­տիա­րակ­չա­կան ամ­բողջ գոր­ծըն­թա­ցը, մար­տա­կան հեր­թա­պա­հու­թիւ­նը վեր­ջին մէկ տա­րուան ըն­թաց­քին գտնուած են միշտ օ­րա­կար­գի վրայ։ Այս ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին մար­տա­կան հեր­թա­պա­հու­թիւ­նը նշա­նա­ւորուե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կող­մե­րու շփման գծին վրայ էա­կան լար­ման դէպ­քե­րով, ո­րոնք չէին հա­սած այս­պի­սի մա­կար­դա­կի մը։ Սա ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ ան­ցեալ տա­րուայ ամ­րան փոքր պա­տե­րազ­մով եւ ու­սում­նա­վար­ժա­կան թռիչք ի­րա­կա­նաց­նող ուղ­ղա­թի­ռի դա­ւա­դիր ռմբա­հար­մամբ, տա­րե­մու­տի նա­խա­յար­ձակ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով։ «Դիր­քա­պահ­նե­րու հմուտ քայ­լե­րուն եւ հա­կա­ռա­կոր­դի դէմ պայ­քա­րի նոր մար­տա­վա­րու­թեան շնոր­հիւ, ա­նոնց գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը չեն ա­պա­հո­ված ռազ­մա­վա­րա­կան նպա­տակ­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը եւ խու­ճա­պի պա­տ­ճառ չեն դար­ձած բա­նա­կի եւ հա­սա­րա­կու­թեան շար­քե­րէն ներս։ Հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ա­ւե­լի հա­մախմ­բուած է։ Այդ ոտնձ­գու­թիւն­նե­րը կա­սեց­նե­լու հա­մար հայ­կա­կան կող­մը վճա­րած է թանկ փո­խար­ժէք», ը­սաւ Սէյ­րան Օ­հա­նեան ու կանգ ա­ռաւ մի­ջազ­գա­յին ե­րաշ­խիքնե­րու փոխլ­րա­ցեալ հա­մա­կար­գի պահ­պան­ման վրայ։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ան շեշ­տեց, թէ հայ­կա­կան ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, զի­նեալ ու­ժե­րու ամ­բողջ հրա­մա­նա­տա­րա­կան կազ­մը ա­մէն ինչ կ՚ը­նեն հա­կա­ռա­կոր­դին հետ խե­լա­ցի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման, խե­լա­ցի պաշտ­պա­նու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման եւ հրա­դա­դա­րի ա­պա­հով­ման հա­մար։ Ար­ցա­խի հա­կա­մար­տու­թեան գծով հաս­տա­տուած հրա­դա­դա­րի 21-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ Սէյ­րան Օ­հա­նեան զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կուն մէջ սար­քած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին ը­սաւ. «Այ­սօր ալ ա­մէն ինչ կ՚ը­նենք, որ­պէս­զի խնդի­րը լու­ծուի խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով։ Հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կ՚ը­նենք այս բա­նը։ Ե­թէ ար­դիւնք չկայ, ա­պա պէտք է հարց­նել հա­րե­ւան­նե­րուն։ Մենք ա­մէն ինչ կ՚ը­նենք, որ­պէս­զի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը չսրուին ու հար­ցե­րը լու­ծուին փո­խա­դարձ ըմբռն­ման եւ մեր շա­հե­րու գե­րա­կայ­ման պայ­ման­նե­րուն մէջ», շա­րու­նա­կեց Սէյ­րան Օ­հա­նեան, ո­րու հա­մոզ­մամբ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին հրա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը չէ պահ­պանուած լիար­ժէք ձե­ւով։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ նա­խա­րա­րը ընդգ­ծեց, թէ հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման միակ ճա­նա­պար­հը կը հա­մա­րէ քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը, խա­ղաղ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ «Տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ի­րա­վի­ճակն ու շփման գծին վրայ հրա­դա­դա­րի պար­բե­րա­կան խախ­տում­նե­րը թոյլ կու տան ը­սե­լու, որ մենք պէտք է շա­րու­նա­կենք այն գոր­ծըն­թա­ցը, ո­րու նպա­տակն է խնդրի խա­ղաղ, քա­ղա­քա­կան ճա­նա­պար­հով լու­ծու­մը։ Այս հար­ցով իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քա­կան հան­դի­պու­մէն ակն­կա­լու­թիւ­նը այն է, որ հար­ցը լու­ծուի հա­ւա­սար, փո­խա­դարձ հաս­կա­ցու­թեան եւ երկ­խօ­սու­թեան, շփման գծին վրայ վստա­հու­թեան մթնո­լոր­տի ձե­ւա­ւոր­ման պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ», ընդգ­ծեց Սէյ­րան Օ­հա­նեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ հայ­կա­կան կող­մը կը փա­փա­քի, որ հա­րե­ւան­ներն ալ հասկ­նան, թէ պէտք է ա­մէն ինչ ը­նել լա­րուա­ծու­թիւ­նը ցած մա­կար­դա­կի վրայ պա­հե­լու հա­մար։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ան բարձր գնա­հա­տա­կան տուաւ դիր­քե­րուն մօտ գոր­ծադ­րուող դի­տարկ­ման հա­մա­կար­գին հա­մար։ Զու­գա­հե­ռա­բար, Հա­յաս­տա­նի զի­նեալ ու­ժե­րը ա­նընդ­հատ կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծեն ի­րենց ռազ­մա­կան սար­քա­ւո­րում­նե­րը։

Ի՞ՆՉ Կ՚Ը­ՍԷ ՊԱ­ՊԱ­ՅԵԱՆ

Հրա­դա­դա­րի տա­րե­դար­ձին կա­պակ­ցու­թեամբ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի բան­բե­րը՝ Դա­ւիթ Պա­պա­յեան վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, թէ ուշ կամ կա­նուխ պի­տի վե­րա­կանգ­նուի բա­նակ­ցա­յին լիար­ժէք ձե­ւա­չա­փը։ Ըստ ի­րեն, բնա­կա­նա­բար, հրա­դա­դա­րով ամ­բող­ջո­վին չէ կար­գա­ւո­րուած հա­կա­մար­տու­թիւ­նը, սա­կայն դադ­րած է պա­տե­րազ­մը եւ հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս սկսած է նոր փուլ մը, որ հե­տա­գա­յին ար­դէն շա­րու­նա­կուած է դի­ւա­նա­գի­տա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ո­լորտ­նե­րուն մէջ։ Պա­պա­յեա­նի խօս­քե­րով, հրա­դա­դա­րը ոչ միայն Ար­ցա­խին, այլ Ատր­պէյ­ճա­նին նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռեց՝ զար­գա­նա­լու եւ պա­տե­րազ­մի վէր­քե­րը ա­պա­քի­նե­լու հա­մար։

Ի՞ՆՉ Կ՚Ը­ՍԷ ՅԱ­ԿՈ­ԲԵԱՆ

Իր կար­գին, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Մով­սէս Յա­կո­բեանն ալ ը­սաւ, թէ այ­սօր Ատր­պէյ­ճան կը փոր­ձէ վերսկ­սիլ պա­տե­րազ­մը, ինչ որ տե­ղի պի­տի տայ կրկին ի­րեն պար­տադ­րուե­լիք հրա­դա­դա­րի մը եւ այս ան­գամ ա­ւե­լի ցա­ւոտ։ «Երբ Ատր­պէյ­ճան պի­տի հասկ­նայ, որ կա­րե­լի է եր­թալ փո­խա­դարձ զիջ­ման եւ այդ փո­խա­դարձ զիջ­ու­մը ճիշդ պի­տի ըն­կա­լէ, կը կար­ծեմ, թէ խա­ղա­ղու­թիւ­նը այս տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ պի­տի հաս­տա­տուի վերջ­նա­կա­նօ­րէն. բան մը, ո­րու բո­լոր նա­խադ­րեալ­նե­րը կան եւ ո­րե­ւէ գաղտ­նիք այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին մէջ չկայ», դի­տել տուաւ Յա­կո­բեան եւ ընդգ­ծեց, թէ ի­րենք ամ­բող­ջու­թեամբ կը տի­րա­պե­տեն տուեալ­նե­րուն եւ կա­րիք չու­նին Ատր­պէյ­ճա­նի սպա­ռա­զի­նու­թեան սպառ­նա­լիք­նե­րուն, ո­րոնք ո­րե­ւէ բան պի­տի չփո­խեն։

Ի՞ՆՉ Կ՚Ը­ՍԷ Ա­ՓԱ­ԹՈՒ­ՐԱՅ

Միւս կող­մէ, ՆԱ­ԹՕ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ճէյմս Ա­փա­թու­րայն ալ յայտ­նեց, որ դա­շին­քը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւո­րու­մը կը տես­նէ բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով ու կ՚ա­ջակ­ցի ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան գոր­ծըն­թա­ցին։ Ա­փա­թու­րայ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ան­հանգս­տու­թիւն յայտ­նեց շփման գծի ի­րա­վի­ճա­կի վատ­թա­րաց­ման կա­պակ­ցու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015