ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԸ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ այս օ­րե­րուն քա­ղաքս կ՚այ­ցե­լէ Ե­րե­ւա­նէն նկա­րիչ ու բա­նաս­տեղծ, նաեւ կրթա­կան մշակ Լե­ւոն Լա­ճի­կեան։ Ա­ռա­ջին ան­գամ չէ, որ ան կ՚այ­ցե­լէ Պո­լիս եւ իր նա­խորդ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին ար­դէն ա­պա­հո­ված է լուրջ հա­մակ­րանք իր ա­րուես­տին նկատ­մամբ։ Այդ հա­մակ­րան­քին ա­ռըն­թեր Լե­ւոն Լա­ճի­կեան մեր հա­մայն­քի կրթա­սէր շրջա­նակ­նե­րու յար­գանքն ալ կը վա­յե­լէ, ո­րով­հե­տեւ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ տնօ­րէնն է Հա­յաս­տա­նի մէջ վե­րա­բա­ցուած «Հինդ­լեան» վար­ժա­րա­նի։ Այս հան­գա­ման­քով պայ­մա­նա­ւո­րուած յար­գան­քը սահ­մա­նա­փակ չէ միայն Իս­թան­պու­լով, ո­րով­հե­տեւ «Հինդ­լեան» վար­ժա­րա­նի սա­նե­րը այ­սօր սփռուած են ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ եւ Լե­ւոն Լա­ճի­կեան ա­մուր կա­պեր հաս­տա­տած է այդ ցան­ցի տար­րե­րուն հետ։ Կարճ խօս­քով, ան հարիւր տո­կո­սով հիւր մը չէ Պոլ­սոյ մէջ եւ ար­դէն իւ­րա­քան­չիւր այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ կը խո­րաց­նէ իր շփում­նե­րը։ 

Լե­ւոն Լա­ճի­կեա­նի այս ան­գա­մուան Իս­թան­պուլ այ­ցե­լու­թիւ­նը ու­նի հե­տաքրք­րա­կան ժամ­կէտ մը։ Ար­դա­րեւ, մինչ ան կը գտնուի մեր մի­ջեւ, Ե­րե­ւա­նի մէջ կը շա­րու­նա­կուի իր ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ կը կո­չուի «Պոլ­սոյ ար­տա­ցո­լանք­նե­րը»։ Հա­յաս­տա­նեան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը եւս ար­ձա­գանգ կը հան­դի­սա­նան այս ցու­ցա­հան­դէ­սին, որ պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ ամ­սա­վերջ։ Այս ցու­ցա­հան­դէ­սը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Լե­ւոն Լա­ճի­կեա­նի կող­մէ տա­րուած Իս­թան­պու­լի վե­րա­բե­րեալ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քին գա­գաթ­նա­յին դրսե­ւո­րու­մը կը հա­մա­րուի։ «Եւ­րա­սիա» հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հիմ­նադրա­մի ա­ջակ­ցու­թեամբ եւ ա­նոր կեդ­րո­նի շէն­քին եր­դի­քին տակ ներ­կա­յա­ցուած են Լա­ճի­կեա­նի գոր­ծե­րը, ո­րոնք իր իսկ բնո­րոշ­մամբ կը ցո­լաց­նեն բա­նաս­տեղ­ծա­կան Պո­լի­սը։ Հե­ղի­նա­կին բա­նա­ձե­ւու­մով, իր ցու­ցա­հան­դէ­սը իւ­րա­յա­տուկ պտոյտ մըն է «Պոլ­սոյ թա­ղե­րուն մէջ»։ Ան Պոլ­սոյ վե­րա­բե­րեալ այս սեւ-սպի­տակ գծան­կար­նե­րը կը դա­սէ իր «Հայ­կա­կան աշ­խարհ» նկա­րա­շա­րին մէկ մա­սը, սա­կայն այդ ամ­բող­ջին մէջ ու­նի նաեւ ու­րոյն տեղ մը։

Լե­ւոն Լա­ճի­կեան ծա­նօթ է ա­րեւմ­տա­հայ ժա­ռան­գու­թեան ու մա­նա­ւանդ գրա­կա­նու­թեան, ո­րուն ազ­դե­ցու­թեամբ դի­տար­կած է մե­րօ­րեայ Պո­լի­սը եւ այդ ազ­դե­ցու­թիւ­նը պայ­մա­նա­ւո­րած է նաեւ մե­րօ­րեայ Պոլ­սոյ վե­րա­բե­րեալ իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Հե­տե­ւա­բար, իր գոր­ծե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն հե­տաքրք­րա­կան հա­մադ­րու­թիւն­ներ։ Մերթ ան պատ­մա­կան դրուա­գի մը վրայ կը շեշ­տադ­րէ ար­դի հետ­քեր, մերթ ար­դի դրուա­գի մը վրայ՝ ան­ցեա­լի վե­րա­բե­րեալ խորհր­դան­շան­ներ։ Լա­ճի­կեան կը գի­տակ­ցի, որ այ­սօր գո­յու­թիւն չու­նի այդ պատ­մա­կան Պո­լի­սը, սա­կայն ան­ցեա­լի գի­տակ­ցու­թեամբ իր կա­տա­րած վրձի­նի հա­րուած­նե­րը կու գան գո­յաց­նել ձե­ւով մը այդ ե­րե­ւա­կա­յա­կան հա­մադ­րու­թիւ­նը, ինչ որ հե­ղի­նա­կին կող­մէ կ՚ա­նուա­նուի «Բա­նաս­տեղ­ծա­կան Պո­լիս»։ Բա­նաս­տեղ­ծա­կա­նի ո­րա­կու­մը հե­ղի­նա­կին կող­մէ կը տրուի բիւ­րե­ղաց­նե­լու հա­մար ար­դի «ա­ռար­կա­յա­կան» պատ­կեր­նե­րէն շե­ղում­նե­րը կամ ա­նոնց կա­տա­րուած են­թա­կա­յա­կան մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք սա­կայն խոր­քին մէջ գրա­ւա­կա­նը կը հան­դի­սա­նան մա­տու­ցուած ե­զա­կի ու բարձ­րո­րակ ա­րուես­տին։ Ա­ռանձ­նա­պէս ու­շագ­րաւ հան­գա­մանք­նե­րէն մին ալ այն է, որ սեւ-սպի­տակ ջրա­ներ­կե­րու պա­րա­գա­յին Լե­ւոն Լա­ճի­կեան յա­ջո­ղած է իս­կա­պէս կա­տա­րեալ եւ խորհր­դա­ւոր ձե­ւով մա­տու­ցել ծո­վու վե­րա­բե­րեալ դրուագ­նե­րը կամ տե­սա­րան­նե­րը։

Իր կե­ցու­թեան օ­րե­րուն Լե­ւոն Լա­ճի­կեան այ­ցե­լեց նաեւ մեր խմբագ­րա­տու­նը։ Ինչ­պէս միշտ, այս ան­գամ եւս շատ հա­ճե­լի էր իր հետ զրոյցը, ո­րու ըն­թաց­քին ան ման­րա­մասն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ իր ներ­կայ գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Լե­ւոն Լա­ճի­կեան մե­զի նուի­րեց նաեւ «Իմ Հա­յաս­տան» խո­րագ­րեալ գրքոյկ մը, որ լոյս տե­սած է իր աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ։ Այս գոր­ծը կը բո­վան­դա­կէ հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան յա­ռա­ջա­տար ա­նուն­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք հա­մադ­րուած են յստակ տրա­մա­բա­նու­թիւ­նով մը եւ ճա­շա­կա­ւոր աշ­խա­տան­քով։

Լե­ւոն Լա­ճի­կեան մտա­դիր է նաեւ Պոլ­սոյ վե­րա­բե­րեալ իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն ցու­ցա­հան­դէ­սը կրկնել Իս­թան­պու­լի մէջ։

 

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015