ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ
Թեհրանի մօտ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Արտաշէս Թումանեան նախընթաց օր իր հաւատարմագիրը յանձնեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին։ Այս առթիւ Հասան Ռուհանի գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Իրանի բարեկամական ու փոխշահաւէտ յարաբերութիւններուն կապակցութեամբ։ Ըստ իրեն, երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման համար որեւէ խոչընդոտ գոյութիւն չունի։ Տնտեսական, մշակութային ու քաղաքական ոլորտներէն ներս համագործակցութեան ընդլայնումը կը համընկնի երկու երկիրներու շահերուն։ Հասան Ռուհանի զրոյցի ընթացքին փոխանցեց նաեւ իր ջերմ ողջոյնները Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի համար։
Իր կարգին, Արտաշէս Թումանեան հաւաստիացուց, թէ ջանք պիտի չխնայէ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւններու առաւել զարգացման ուղղութեամբ։ Ան կանգ առաւ նաեւ միջպետական նախագծերու կարեւորութեան վրայ։ Թումանեանն ալ, իր կարգին, Ռուհանիին փոխանցեց Սերժ Սարգսեանին կողմէ ողջոյններ։
Զրոյցի տեւողութեան Հասան Ռուհանի կարեւորեց համատեղ նախագծերու իրականացման ուղղութեամբ հետեւողականութեան ցուցաբերումը։ Ան աւելցուց, թէ բացի երկկողմանի համագործակցութենէն, Հայաստան եւ Իրան լաւագոյնս կը համագործակցին նաեւ միջազգային գետնի վրայ։ Ռուհանի բարձր գնահատեց Իրանի հայ համայնքին դերը եւ աւելցուց, թէ երկու ժողովուրդներու առաւել սերտ փոխադարձ ճանաչման համար անհրաժեշտ է աշխուժացնել շփումները՝ օգտուելով զբօսաշրջութեան կարողութիւններէն, ինչպէս նաեւ աշխուժացնելով գիտական եւ համալսարանական փոխադարձ կապերը։
Յաջողութիւն մաղթելով նորանշանակ դեսպանին գործունէութեան համար՝ Հասան Ռուհանի յոյս յայտնեց, թէ իր առաքելութեան ընթացքին երկկողմանի յարաբերութիւնները բոլոր ոլորտներէն ներս առաւել պիտի ընդլայնուին ու պիտի խորանան։